Էջ:Նոր Մարաշ, Թորոս Թորանեան.djvu/6

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԽՕՍՔ ԲԱՐԻ ԵՐԹԻ Վերջին հինգ տարիներուն շնորհիւ քանի մը երիտասարդ ուժերու Վասպուրական Մշակութային Միութիւնը արձանագրեց նորանոր յաջո– ղութիւններ մշակութային ճակատի վրայ; Երիտասարդներու իրար հասկացողութիւնը, միասնութիւնն ու հւս– մախոհութիւնը յաջողութիւններու բանալի նկատելու գաղափարը գործի վերածուեցաւ, ու այս տղաքը յաջորդաբար հրատարակեցին նախ «ՆՈՐ ՄԱՐԱՇ» պարբերականը, ապա «Մարաշի Ասեղնագործութիւն» պատ- կառելի հատորը։ Ալպոմ ցուցադրական հատոր, որ բացի համընղհանուր յաջողութիւն ունենալէ ժողովրդային լայն շրջանակներու մէջ, յաջորդաբար արժանացաւ գինեձօններու՝ Հալէպի, Երեւանի եւ Դամասկոսի մէջ, ունե- նալով վկայութիւնը խուռներամ ներկաներու։ Երկու ձեռնարկներն ալ կ՚ամբողջանային Մարաշի հայ կանանց ասեղնագործութեան ծաւալուն ցուցահանդէսով։ Ապա Վասպուրական Մշակութային Միութիւնը ծրագրեց եւ հրատա- րակել սկսաւ Մարաշի ջարդի մասին գիրքեր։ Առաջինը լոյս տեսաւ արդէն՝ վերահրատարակութիւն մըն էր։ Պիտի յաջորդեն այլ հրատարակութիւններ, որոնցմէ մէկն է «ՆՈՐ ՄԱՐԱՇ» պարբերականին նուիրուած սոյն գիրքը։ Վասպուրական Մշակութային Միութիւնն ու Մարաշի Հայրենակցա– կան Միութիւնը պիտի կրկին հաստատեն իրենց ներկայութիւնը հալէ– պահայ գաղութին մէջ նաեւ դասախօսութիւններով, որոնցմէ մէկն էր Տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեանի ազգային հասարակական գործունէութեան նուիրուած ձեռնարկը, որ արձանագրեց կատարեալ յաջողութիւն իր տուչութեան ձեւով ու բովանդակութեամբ։ Նորանոր յաջողութիւններ մարաշահայերու բոլոր ձեռնարկներուն։ Թորոս Թորանեան