Էջ:Նոր Մարաշ, Թորոս Թորանեան.djvu/7

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՄԱՐԱՇԱՀԱՅԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ Մարաշի մեր վերապրող հայրենակիցները երբ յաջողեցան խոյս տալ թուրքին հնձող եաթաղանէն ու հասան Հալէպ, անոնց առաջին գործը եղաւ տնաւորուիլ՝ հիմնելով ժանգոտած թիթիղներով «տուներ», եւ անմիջապէս «կառուցեցին» նաեւ դպրոց ու եկեղեցի, դարձեալ թիթեղաշէն, այս պա- րագային Ս. Խաչ եկեղեցին ու Մեսրոպեան վարժարանը, որպէսզի նոր սերունդը իմանայ, որ հայը սահմանուած է ապրելու եւ ոչ թէ քարտէզին վրայէն սրբուելու։ Զարմանալի զօրութենականութիւն մը ցուցաբերեց կոտորակուած հայ ժողովուրդը, ու այս մէկը բոլորին ու մարաշահայութեան համար նաեւ։ Դպրոցի ու եկեղեցիի կողքին, մարաշցին ունեցաւ նաեւ իր ակումբը, միութիւնը, որպէսզի ապրիլ շարունակող մարաշցին չմոռնայ կացինահար իր զաւակները եւ հայերով լեցուն եկեղեցիներուն կրակի մատնուիլը, ուրկէ բարձրացող լացի աղեխարշ աղաղակներուն բոցի լեզուները հասան նաեւ Աստուծոյ, որ պահ մը զարհուրեցաւ, որ իր նման դիմագիծ ունեցողները ինչպէն կրնային գերազանցել նոյնիսկ ամենավայրագ գազանները... Մարաշցին անմիջապէս հաստատեց թատրոն, այսինքն շարունակեց ունենալ թատրոն, զայն կոչելով «Վասպուրական», իսկ ֆութպոլի խումբը՝ «Գերմանիկ-Վասպուրական», որ պարծանք բերաւ ոչ միայն մարաշցիին, ոչ միայն գաղթական հայութեան, այլ նաեւ բովանդակ Սուրիոյ։ Այս միութիւնը ունեցաւ իր սկաուտական կազմը, ըմբիշները, ծանրա– բարձերը, դաշտագնացութիւնները, գրադարանը, դասախօսութիւնները։ Մարաշցին գիտցաւ, որ տուեալ պայմաններուն մէջ մշակոյթն է որ պիտի ապահովէ իր գոյութիւնը, ուստի այս բոլորին կողքին շունչ մը առնելէ ետք, հիմնեց նաեւ իր պարբերականը «Նոր Մարաշ»ը, որուն առաջին թի- ւին խմբագրական մարմինին մաս կազմեցին՝ Յսւկոբ Տէկիրմէնճեան Մանուէլ Հէլվաճեան Յարութիւն Պարտիզպանեան Նուպար Փարթամեան Լեւոն Պիլէզիքճեան