Jump to content

Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/10

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Մարաշի հայութիւնը բազմահազար զոհեր տալով գիտցաւ թէ փրկութիւնը սեփական զէնքով կ՚ըլլայ, ապա պարզ է, որ հայ Այնթապը ամբողջ 134 օրերու ընթացքին արիութեան, հեռատեսութեան, կազմակերպուածութեան այնպիսի միջոցներ կրցաւ ստեղծել, որ կրնանք ըսել թէ իր քաղաքին մէջ ստեղծեց միքրօ-պետութիւն մը իր 800ի հասնող զինեալներով, իր ոստիկանական եւ ճանտարմըրիի խումբով, գաղտնի ոստիկանական ջոկատներով, հրշէջ խումբով, կարգապահ ժողովուրդով, զինագործարանով, ռումբի պատրաստութեամբ, թշնամիին զէնքերը գրաւելով, բժշկական օգնութեան սպասարկութեամբ, մթերքներ բաժնելու օրինականութեամբ ու պատնէշներ բարձրացնելով թաղէ թաղ ու տունէ տուն անցքեր բանալով, կրնանք ըսել թէ Այնթապի հայը ստեղծեց պետական օրինական իշխանութիւն։


ՔԻՉ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Այնթապը պատմութեան մէջ կը յիշուի տասներորդ դարէն սկսեալ։

Տիրական է այն կարծիքը, որ Այնթապի հայերը այստեղ հաստատուած են գալով Անթափ գաւառի շրջակայ գիւղերէն-Ալաշկերտի շրջանէն։

Պատմութիւնը կը հաստատէ, որ Էրզրումի նահանգին մէջ եղած է Անթափ կոչուող վայր մը։

Հին պատմական Նայիրիի 23 իշխանութիւններու շարքին կը յիշուի ANDIABE-ն:

ժամանակի ընթացքին, ոչ միայն Ալաշկերտի շրջանի Անթափէն եկող հայեր Այնթապ հաստատուելով իրենց հին բնակավայրին անունովը կոչել ուզած են այս քաղաքը, այլ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եկող հայեր - թուելու համար - Հռոմկլայէն, Արահէն, Արճէշէն, Պրայ ձորէն, Խալիֆէթէն, Ճիպինէն, Սայըտէն, Յինուարէն, Ուռելէն, Ուռհայէն, Ամիթէն, Աշոտիէն, էնկէլէն, Սեբաստիաէն, Զէյթունէն, Երզնկայէն, Տորանտայէն, Հենինէն,