Jump to content

Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/12

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

միջեւ Սելիմիէ գիւղին շուրջբոլորը։

Այս մասին աղեխարշ պատմութիւններ պատմած են շատեր, որոնցմէ Արժ. Տ. Ներսէս Ա. Քհնյ. Թաւուգճեանի եւ Արժ. Տ. Ներսէս քահանայ հօր յուշերը վաւերագիրներ են քանի անոնց գրածները ականատեսի վկայութիւններ են։

Քոլերան, բռնի թրքացումը ժողովուրդը կը կիսեն։


ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԱՆՅԹԱՊ

Կը վերապրին ու Այնթապ կը վերադառնան 18.000 հայեր առաւել հազար ոչ-այնթապցի հայեր, նախապէս Մալաթիայէն, Զէյթունէն, Սասունէն եւ այլ վայրերէ։

Վերադարձողները մեծ մասամբ կը տիրանան իրենց տուներուն, ինչքերուն թէեւ անխնամ ու լքուած։

Պատերազմը իր աւարտին հասած էր Գերմանիոյ ու Թուրքիոյ պարտութեամբ։

Հայերը մեծ յոյսեր ունէին։ Դաշնակից պետութիւններ խայծ մը երկարած էին հայոց.– թէ Կիլիկիան պիտի տրուէր հայոց։ Այդ մեծ սուտը շուտ բացայայտուեցաւ։

Սկիզբը Այնթապ մտան անգլիացիք։ Այդ քանի մը ամսուան ընթացքին հայ կեանքը անցաւ խաղաղ։

Ֆրանսական բանակը փոխարինեց անգլիականը։

Թուրքերը զայրացած էին։ Սկսած էր քեմալական Միլլի շարժումը։

Բայց հայերը, որպէս շինարար տարր, անցած էին գործի։ Դպրոցները, եկեղեցիները վերաբացուեցան, որոշ ապահովութիւն մը կար։ Մարդիկ շուկայ իջան, արհեստաւորներն ու առեւտըրականները բացին իրենց խանութները։

Ուրեմն 1918-1920 թուականներուն Այնթապի մէջ մենք վերականգնած կ՚ըլլանք ազգային կեանքը ունենալով որբերու բանակ մը։ Դժուար էր վերականգնել հայոց տնտեսութիւնը։

Կոտորած եւ տեղահանութիւն տեսած այնթապահայը դարձած էր խոհեմ, բայց հեռատես։

Կազմուած էր Ազգային Միութիւնը, որ ժողովուրդին կողմէ