պիտի հաստատուէր հերոսամարտի օրերուն։
ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏ ԱՅՆԹԱՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
Մի զարմանաք, երբ ֆրանսացիք տեսնելով հայոց կազմակերպուածութիւնն ու խիզախութիւնը Այնթապի հայոց հերոսամարտը կ՚անուանեն Անատոլուի Վերտէօնը։
Ահա թէ ինչպիսի ճակատամարտ մը կը մղուի թրքական կանոնաւոր բանակի եւ պաշըպօզուքներու դէմ։
Նախ տարագրութենէ վերադարձող մեր ժողովուրդը վճռակամ էր։ Բոլորը մէկ մարդու պէս կ՚ուզէին պաշտպանել իրենց իրաւունքները։
Ահա համընդհանուր ժողով մը 2500 հոգիով։
Ըսինք մէկ մարդու պէս միահամուռ որոշում.– կռուիլ եւ մնալ Այնթապի մէջ - 2500 հոգիէն միայն երկու հոգի մեկնիլ կ՚ուզեն։ Սա խիստ յատկանշական է։
Ազգային Միութիւնը, որուն խորհուրդին մաս կը կազմէին մեր բոլոր կուսակցութիւններն ու յարանուանութեանց ղեկավարները, կ՚ընտրեն ընդհանուր ղեկավար մարմին մը բաղկացած.–
Ա.– Տ. Ներսէս Աւագ քհնյ. Թաւուգճաենէ
Բ.– Ատուր Լեւոնեանէ եւ
Գ.– Աւետիս Գալէմքեարեանէ
Առաջինը, արմաշական ուսումով զինուած նոր օրերու Ղեւոնդ երէց մը, երկրորդը ռազմագիտական պաշար ունեցող զինւորական, երրորդը՝ յանդուգն կռուող ու զինագործ թուրքին ռումբը թշնամիին վերադարձնող։
Այնթապահայերը կանխատեսելով ըլլալիքը տեսած էին մեծ պատրաստութիւններ։ Նախ հայութիւնը կեդրոնացուցած էին հայկական թաղամասերու մէջ մերթ նոյնիսկ տուներ փոխանակելով թրքական թաղերու մէջ գտնուող բնակարաններով։ Ապա, որպէսզի փողոցներու մէջ երթեւեկող հայեր չերեւին եւ հեշտ ըլլայ մարդոց, ուտեստեղէնի ու զէնքերու փոխադրութիւնը իրարու կից հայկական տուներու միացման համար անցքեր բացած էին։ Ունէին զէնքի ու փամփուշտի պաշար։ Ունենալով զինագործներու