Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/20

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

կառուցուեցան երկու երկրորդական վարժարաններ, շնորհիւ առաջինը Տէր եւ Տիկ. Բիւզանդ Մարգարեաններու եւ Տէր եւ Տիկ. ժեներալ Արամ Գարամանուկեաններու։

Այսպէս այնթապահայոց ձեռքը հասաւ նաեւ Հայաստան եւ այժմ այդ դպրոցները կը կոչուին նուիրատուներու անուններով։

Այլ այնթապահայ մը՝ Գէորգ Մոմճեան հայրենասէրը, Հայաստանի մէջ հիմնեց յախճապակիի արդիական գործարան մը։ Այսպիսով ցոյց տալով թէ Սփիւռքը ինքնաբաւ դառնալէ ետք կրնայ հասնիլ նաեւ հայրենիքին։

Չմոռնանք արձանագրելու որ Պէյրութի Թէքէեան Վարժարանը իր գոյութեան եւ երկարակեցութեան համար շատ ճիգ կը պարտի Թէքէեան վարժարանի երկարամեայ տնօրէն Ճիպին ծնած այնթապցի, համընդհանուր յարգանք վայելող, գրող ու մանկավարժ Երուանդ Պապայեանին։

Երուանդ Պապայեանը բծախնդրօրէն կազմեց Այնթապի Պատմութեան նուիրուած պատմագիրքին երրորդ հատորը ու անոր կողքին «Յիշատակներու Արահետներով» օգտաշատ գիրքը ու միաժամանակ անգլերէն թարգմանութեամբ հրատարակել տուաւ իր հօր՝ Արժ. Տ. Ներսէս Ա. Քհնյ. Պապայեանին յուշերը։ Քահանայ հայր մը, որուն օգտաշատ կենսագրութիւնը կապուեցաւ ոչ միայն Այնթապի անոր կեանքին, այլ նաեւ հալէպահայ գաղութին ուր Տէր Ներսէս Պապայեան քահանան օգտաշատ գործ տեսաւ Կիլիկեան Վարժարաններու հաստատման ու ամրապընդման կարեւոր հարցին։

Դպրոցին հայրենասիրական ոգին կու գայ հայր եւ որդի Պապայեաններէն -― առաջինը՝ դպրոցին հիմնադրութեան մէջ, ու երկրորդը՝ որպէս տարիներու տնօրէն։

Տէր Հայրը, թուրքերը 1915ի Մայիսի 16ին կը ձերբակալեն։ Դառն կ՚ըլլայ անոր ճակատագիրը սուրիական անապատներուն մէջ, մինչեւ Սելիմիէ - ան կու տայ այն անունները, որոնք կը մերժեն կրօնափոխ ըլլալ։ Անոնց մէջ է նաեւ մօրենական մեծ մայրս՝ Ճուհար Արոյեանը։

Այնթապի մէջ գործած են նաեւ Կրթասիրաց (1898-1915),