Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/25

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Պետիրեանի (Վարդան) անունը, որուն բազում հատորները նուիրւած են մեր կորուսեալ (գողցուած) հողերուն։

Նմանապէս Սուրէն Մ. Սահակեանի Այնթապի եւ այնթապահայերէնի մասին անոր կատարած պատմա-բանասիրական ճշգրտումները։

Հապա Տ. Ներսէս Ա. Քհնյ. Թաւուգճեանի «Տառապանքի Օրագիր» ծաւալուն հատորը, որ վաւերագիր մըն է Այնթապի հայոց տարագրութեան եւ կորովի ինքնապաշտպանութեան շուրջ, երբ թուրքերը 1921ի Փետր․ի ութին հայ քաջամարտիկներուն մօտեցան սպիտակ դրօշ պարզած, այսինքն թուրքը ընդունեց իր պարտուած ըլլալը։

Ի՞նչ ընենք որ Եւրոպայի համաձայնական պետութիւնները պարտեալ Թուրքիան յաղթականի վերածեցին անտեսելով մեր ժողովուրդին ե՛ւ նահատակութիւնը ե՛ւ իրենց յաղթանակին համար հայոց թափած արիւնը։

Նոյնքան կարեւոր է վերստին յիշել Երուանդ Պապայեանի «Յիշատակներու Արահետներով» գիրքին կողքին յիշուելէ դադրած յոբելենական գրքոյկ մը, որ կը վերաբերի Մարիամ վարժուհի Պուրունսուզեանի յիսուն տարիներու ուսուցչական վաստակին։

Այնթապին նուիրուած այլ գիրքեր եւս կան եւ ազգին ծառայած բազում այլ այնթապահայեր Հրանոյշ Պէնլեանի ու Մաթոսեաններու, Խաչիկ եւ Ալիս Արարատեաններու, երգիծանըկարիչ Մասիսի, վիպագիր Թորոս Բարսեղեանի. Արսլանեանի եւ այլոց նման։

Տակաւին յիշել պէտք է որ տարագրութենէե ու ջարդերէն առաջ այնթապահայեր Պոսթոնի մէջ կը հիմնեն Այնթապի Ամերիկահայոց Ուսումնասիրաց Միութիւնը։

1915-2008 այնթապահայեր անդադրում ճիգի մէջ են յանուն Սփիւռքին եւ յանուն հայրենիքին։

Յիշենք նաեւ, որ «Նոր Այնթապ» պարբերականը կը շարունակէ լոյս տեսնել վեցեակ խմբագիրներ ունենալէ ետք։