Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/31

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

― Եղբայրս Թորոս, քեզի համար ամէն զոհողութեան պատրաստ եմ:

Նոյնպիսի առաջարկով հնչեց ուրիշ բարեկամի մը ձայնը՝ Աբիկ Պասմաճեանին։ Երրորդը՝ բժիշկ Թադէոս Թադէոսեանն էր, որ անզուսպ կու լար: Ան այցելեց մեր տունը ուրիշ բժիշկ ընկերոջ մը՝ Սերոբ Սերոբեանին հետ, որ Երեւանի մէջ դասընկերս եղած է։

Եկան հայրենակից՝ ճիպինցի հինգ քոյրերը, որոնց հօր անունն էր Ներսէս, իսկ մօր անունը՝ Թագուհի: Ներսէսը եղած է դասընկերը հօրս՝ Խաչեր Թորոսի Թորանեանին, Ճիպինի Կիլիկեան վարժարանին մէջ, զոր աւարտած է հայրս: Պէտք է շեշտեմ, որ Երեւանէն Հալէպ առաջին փութացողը աղջիկս՝ Անին եղաւ, որպէս պահապան հրեշտակ: Չէի գիտեր որ տղամադրու ուժ ունի եւ կանացի համբերատարութիւն: Իր ամենօրեայ փութաջան աշխատանքը զիս ամրացուց։

Իմ արկածահար ըլլալս տուաւ հետեւեալ ախտորոշումը, ուղեղային արիւնազեղում, որ ինծի կը թելադրէ երկարատեւ բուժում:

Հեռախօսները կը շարունակեն զնգալ...

Պէյրութէն առաջինը կը խօսի ուսուցիչ եւ գրագէտ Պէպօ Սիմոնեանը, որուն կը յաջորդէ «Շիրակ»ի երբեմնի եւ այժմ «Կամար»ի խմբագիր, նաեւ Հ.Պ.Ը.Մ.ի Պէյրութի երկրորդական վարժարանի երկարամեայ տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեանի ձայնը, եղբայրական զգացումներով առլի:

Ապա կը հնչէ «Զարթօնք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր՝ Պարոյր Աղպաշեանի խրոխտ ձայնը:

Յետոյ կը լսեմ Արմէն Յարութիւնեանը, գրող Արամ Սեփէթճեանը, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ զոյգ պարբերականներու խմբագիր՝ Երուանդ Քասունիին ձայնը: Նախապէս ալ երեք անգամ զանգած էր Վեհանը, որ տիկիննէ պատմաբան եւ բանաստեղծ Լեւոն Վարդանի:

Փարիզէն կը հնչէ Զապէլին՝ տիկնոջս ըրրոջ ձայնը։

Լոնտոնէն կը հնչէ Մելգոնեանի դասընկերներէս՝ Մարգար Սարաֆեանի ձայնը:

Երեք անգամ ինծի կը ձայնէ Լոս Անճելըսի «Նոր Կեանք» թերի խմբագիր Գրիգոր Շէնեանը։ Նոյնպէս ձայնը մելգոնեանցի դասընկերներուս՝ Նուպար Յակոբեանի ու իր տիկնոջ՝ Մարոյին: