Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/38

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

քանիերորդ անգամ ըլլալով մեզի պիտի այցելեն Մանուէլ եւ Վարդի Քէշիշեանները, առաջինը բեմադրիչ, երկրորդը մատենագէտ: Կը սպասուի հաճելի մտաւորական զրոյց:

Այդպէս ալ եղաւ։ Մենք զիրար լաւ հասկցանք, մեր ճանապարհը հայօրէն մտածելն էր եւ ոչ անձնական շահեր հետապնդելը, որ մեր օրերուն անամօթ ուխտէ վերածուած է։

Կանուխ գացին:

Իրենց յաջորդեցին մեր խնամիները, թոռանս՝ շնորհաշատ Նանորին ամուսինն ու անոր ծնողները: Հեզահամբոյր մարդիկ են։ Կարոյին մայրը՝ Գոհարը, գոհարօրէն համարեայ անգիր գիտէ Նարեկը, որմէ երկար հատուածներ արտասանեց ինծի համար: Իսկ հայրը, խնամի Կարպիսը, ողջ կեանքի ընթացքին եղած է հետեւողական ընթերցող։ Պահը հետաքրքրական էր բոլորիս համար։ Նանորիս հետ շատ չկրցայ խօսիլ, ինչպէս նաեւ Կարոյին, բայց իրենց ներկայութիւնը բոլորին համար հաճելի էր։

Եկած էին նաեւ մարդիկ, որոնց ներկայութիւնը հեռու էր հաճելի ըլլալէ, նստած մնացին մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը...

Ներկայ էր նաեւ թոռնիկներուս հայրը, արձակագիր Յակոբ Միքայէլեանը, որ զիս տեղեակ պահեց այն իրողութենէն, թէ Պարոյր Աղպաշեանը իր հասարակական-հրապարակագրական էջերը յանձնած է տպագրութեան եւ ինծի օրինակ մը ղրկած է բժիշկ Սարգիս Մազլումեան հիւանդանոցի տնօրէնին մօրը հետ։ Ղրկած է նաեւ օրինակ մը «Կամար» գրական գեղարուեստական պարբերականի վերջին թիւէն: Կանխաւ շնորհակալութիւն յայտնեցի։ Գրեթէ միաժամանակ հնչեց գանգ մը Ամերիկայէն։ Խօսողը մելգոնեանցի դասընկերս՝ Նուպար Յակոբեանն էր, որ ինծի ջերմեռանդ ու շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէր։ Այս ընկերոջս հետ կապս սկսած է 1945 թուականէն ու կը պահուի առ այսօր։ Լաւ զաւակներ ու թոռներ ունի, իսկ կինը՝ Մարօն, որ լաւ ասմունքել գիտէ, անշուշտ հայերէն, իմ ազգականս է։

Նոր զանգ մը ուշադրութիւնս գրաւեց: Խօսողը Պէյրութէն գրահըրատարակիչ Արմէն 3արութիւնեանն էր: Ան զիս կ՚ըուրախացնէր յայտնելով, թէ շուտով Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ Գէորգ Եազըճեանի (պատմաբանութեան թեկնածու) խմբագրութեամբ այն գիրքը, ուր համախմբուած են Լեւոն Հախվերդեանի Արմէնին դրած նամակները