Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/42

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

դժուար երկիր գտցողներ կ’ըլլան...

Ազգային Մշակութային Միութեան այժմու ատենապետ Եղիա Գրիգորեանը, համեստ, գրականութենէ հասկցող, գիտական մտածողութիւն ունեցող երիտասարդ մըն է, որուն ջերմ մաղթանքները վասն առողջութեանս յուզեցին զիս։ Կարծես իրեն պարտական մնացի։

Հալէպի Թէքէեան Միութեան վարչականներէն՝ Լեւոն Պլըգեանը, բարեկամի մը միջոցով առողջութեան մաղթանքներ ղրկած էր ինծի, որուն համար շնորհակալ եղայ։ Նոյնպիսի մաղթանքներ ղրկած էր ինծի Ազգ. Առաջնորդարանի քարտուղար Վիգէն Մարաշլեանը, բանաստեղծ Արմէն Անոյշի որդին։ Այդ ալ չեմ մոռնար...

Ընդունեցինք այցելութիւնը Հ.Բ.Ը.Միութեան Տիկնանց յանձնախումբին՝ ծաղկեկողովով։ Մեր զրոյցը Միութեան մասին էր։ Շնորհակալ եղայ:

Ջերմ մաղթանքներ ղրկած էին նոյնպէս Առաջնորդարանի քարտուղարներէն Մարալ Տիքպիքեանը եւ իր մելգոնեանցի մայրը՝ էօժէնի Շարոյեանը։ Այս վերջինը կատաղի ընթերցող մըն է հայ գրականութեան։

Մեծ թոռնիկներուս՝ Նուշիկին՝ եւ Նանորին մշտաժպիտ խօսքը զիս կը պահէ արթուն։

Օրերս բեմադրիչ Մանուէլ Քէշիշեան չորս պատմուածքներու բեմադրութիւնը կը պատրաստուի ներկայացնել։ Հաւանաբար այս գործին մէջ նոր խօսք ըլլայ, ուստի կը շնորհաւորեմ մեր բարեկամը։

Նուշիկին խօսքով ու ժպիտով Սան Ֆրանսիսքօն որչա՜փ մօտեցաւ Հալէպին։ Երեկոյեան յատուկ ժամադրութեամբ, մեր տան մէջ հաճոյքն ունեցայ ընդունելու տոքթ. Աբրահամ Երէցեանը իր ֆրանսուհի տիկնոջ՝ Միշէլին հետ, որ տարիներ ամբողջ գեղազարդած էր Հ.Բ.Ը.Մ.ի շատ մը ձեռնարկները իր մելանոյշ ձայնով, հայերէն երգելով։ Նաեւ մեր Եագուպիէի գաղութը հարստացուցած է չորս մանչ եւ մէկ աղջիկ զաւակներով։ Ինծի համար ուրախութիւն էր հանդիպիլ իրենց հետ, մանաւանդ որ բժիշկը տարիներով աշխատելէ ետք իր ծննդավայր՝ Եագուպիէի պատմութեան վրայ, ուր կը հաստատէ հայերու, այդ շրջանին մէջ կղզեակներ կազմելու փաստը։ Բժիշկին հայրը եղած է կարծր հայ մը եւ իր զաւակը ժամանակին ղրկած է Հալէպ, հայերէն սորվելու համար եւ այդ հայ բժիշկն է, որ իր զաւակներով ու