Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/43

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

թոռներով արաբախօս Եագուպիէի հայերը հայախօսի վերածեց։

Հիմա մենք Եագուպիէի մասին այդ գիրքը ունինք, որպէս փաստաթուղթ: Քիչ է շնորհակալ ըլլալ իրեն։ Ան երկար տարիներ մեծ ծառայութիւներ մատուցած է ոչ միայն Հ.Բ.Ը Միութեան, այլեւ Նոր Գիւղի Կիւլպէնկեան ծննդատան։ Այսօր ալ, իր յառաջացեալ տարիքին, բժիշկը պատրաստ է իր օժանդակութիւնը չզլանալու որեւէ հայկական ձեռնարկի։

Հաճելի էր ինծի համար լսել տիկին Միշէլի խօսքը, որ կը պատմէր թէ, վերջերս իրենց ընտանեկան գրադարանը վերադասաւորելու ժամանակ յայտնաբերած էր որ իրենց գիրքերուն մէջ զգալիօրէն մեծ տոկոս կը կազմեն Թորոս Թորանեանին հրատարակած գիրքերը:

Կ՚ուզէինք շարունակել խօսակցութիւնը, բայց ի տարբերութիւն շատերու, նրբանկատօրէն կրճատեցին իրենց այցելութիւնը յանուն հանգիստիս։ Մերինը եղաւ սիրալիր բաժանում։ Հիմա պիտի խօսիմ 70 տարիներու հեռաւորութենէ ինծի նայող դասընկերոջ մը մասին։ Ամենամեծ բանալին որ ես եւ Յարութիւն Մուղալեանը միասին ունեցանք՝ հայոց Այբ-Բեն֊Գիմն Էր, ՀալԷպի Ուսումնասիրաց վարժարանին մէջ: Գրեթէ չեմ հանդիպած հայ մարդու մը, որ Մուղալեանի նման տասնեակ տարիներով նուիրումով ծառայէ իր հիւանդ կնոջը: Միայն իտալական թատերական գրականութեան մէջ հանդիպած եմ թատերագիր Լուիճի Փիրանտելլոյի անունին, որ իր հոգեկան ծանր հիւանդութեամբ տառապող կինը խնամեց մինչեւ մահ։ Զարմանալի զուգադիպութեամբ Յարութիւնի երէց որդին ալ բեմադրիչ էր եւ Յարութիւնը կրցաւ խիզախօրէն տոկալ անոր կորուստին: Այդ իմաստով խիստ օրինակելիք մարդ մը մնաց դասընկերս, որ քիչ առաջ զանգահարեց ինծի Պէյրութէն։ Իր վերջին խօսքերը ներշնչող էին եւ ինքն էր որ զիս կը քաջալերէր։ Այսպիսի մարդիկ ալ կան։

Յաջորդ հեռախօսը ստացայ տէր եւ տիկին Ժագլին եւ Սարգիս Գավլագեաններէն, որոնք գաղութիս հայ կաթողիկէ շրջանակին մէջ տասնամեակներով աշխատած են, հայեցիութիւնը ամրապնդելով իրենց շրջանակին մէջ: Հաճելի էր լսել զիրենք:

Օրը աւարտին հասաւ հայրենական կայքէջերէն մէկուն ընթերցմամբ, ուր կըհնչէր «Ժամանակ» օրաթերթին ձայնը: Երկար էր, բայց համբերութեամբ կարդացինք։