Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/46

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

է, որ անուն ունեցող բեմադրիչ է այսօր:

Աւստրալիայէն զանգեցին Սարգիս եւ Լիւսի Արոյեանները, նոյնպէս քոյրս՝ Ժանէթը, Սիտնիէն՝ դեղագործ Վահէն։ Լեւոնն ու տիկինը նամակ գրեցին։

Արոյեանները երկրորդ անգամ զանգեցին Երեւանէն:


Ապրիլ19, 2008

Երեկոյեան ուշ ժամուն զրնգաց ընկալուչս։ Վերցուցի:

Խօսողը Արաքսին Էր: Ազգին լիովին նուիրուած մայր մը՝ Գրիգոր Շահինեանին տիկինը։ Օրինակելի հայ ընտանիք, որ մեծցուցին երեք դուստր, մէկը միւսէն խելացի մեր մշակոյթին նուիրուած երեխաներ: Անոնցմէ մէկը արդէն տիրացած վարպետ գրադարանավարութեան բարձրագոյն տիտղոսին՝ Ֆրանսայի մէջ: Իրենց տունը է ու կը մնայ հայ մտաւորականութեան հանդիպման վայրերէն մէկը Պէյրութի մէջ: Հոն է որ ես ծանօթացած եմ շատ մը հայ մտաւորականներու։ Գրիգոր Շահինեան ինքզինք կը դաւանի որպէս մանկավարժ։ Իրաւունք ունի, բայց ան միայն մանկավարժ չէ։ Կրնամ ըսել թէ գլխագիրով գրուելիք գրականագէտ է։ Հեղինակած է բազմաթիւ դիրքեր ֆրանսերէնով եւ հայերէնով, նաեւ բառարաններ։ Հայ գրականութիւնը ֆրանսախօս հասարակութեան ծանօթացնելու համար հրատարակած է հայ հնագոյն եւ նորագոյն գրականութեան նմոյշներով առլի գործ ու ի վերայ այսր ամենայնի, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տնօրինած է հայ դպրոցներու համար ուսուցիչներ պատրաստելու անհըրաժեշտագոյն գործը։ Այդ մանկավարժական հաստատութեան մէջ պատրաստուեցան տասնեակներով գիրքեր։ Գր.Շահինեանը մեր օրերու Յովհաննէս Հնդլեանը եղաւ, կամ Ռէթէոս Պէրպէրեանը: Այս հաստատութիւնը կոչուեցաւ նուիրատուին՝ փրոֆ. Խաշեր Գալուստեանին անունով: Ան նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն բերած էր այս հաստատութեան:

Այս երեւոյթը բաւարար չէ՞, որ Գր. Շահինեան ինքզինքը հռչակէ սոսկ մանկավարժ։ Ան տարիներով հրատարակեց նաեւ «Ահեկան» գրական պարբերականը, հասցնելով քանի մը նորեր: Գրական պարբերական մը եթէ չվերածուի շարժումի, չի կրնար մեծ արգասիք մը տալ։ «Ահեկան»ը երեւոյթ է ու շարժում։ Այս բոլորին հետ Շահինեան