Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/48

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

աչքերուս առջեւ կը ներկայանայ Զաւէնին հայրը Լեւոն Հալէպլեան։ Յատկանշական մէկ բան կը յիշեմ անոր կեանքէն: «Արարատ» օրաթերթի մոլի ընթերցող էր։ Փողոցին մէջ այդ օրերու մեր արուարձանին՝ Տաւուտիէին, կը կարդար եւ ամէն անգամ իր մօտէն կ՚անցնէի, կ՚ըսէր.

— Թորոս, տղաս, քիչ մըն ալ դուն կարդա՛:

Իր միտքը ինծի այդ թերթը կարդալ տալն էր։

Հնչակեաններու, Պէյրութ լոյս տեսնող պաշտօնաթերթն էր, որ կը մնայ այդպիսին: Ուրեմն Զաւէնը ընթերցող մարդու զաւակ էր։ Ան հասակ առաւ, ձեւով մը հետեւեցաւ հօրը գործերուն, դարձաւ ինքնաբաւ, ամուսնացաւ իրանահայ Անահիտին հետ, բախտաւորուեցաւ երկու աղջիկ զաւակներով, որոնք այսօր համալսարանական են։ Ցած ձայնով ըսեմ, Զաւէնը անաղմուկ նուիրատուութիւններ կը կատարէ հայ դպրոցի մը՝ Կիլիկեանին, նաեւ ազգասիրական այլ գործեր։ Զինք չտեսայ, բայց ուրախացայ որ զանգած է ինծի:

Յակոբ Սարգիսեանը ինձմէ քանի մը տարի փոքր, պատանեկութեան ընկերներէս է: Բանաստեղծ տղայ է, որուն առաջին գիրքն է՝ «Մկրատի Շեղբին Վրայ», հրատարակման մէջ իմ դերս մեծ եղաւ։ Համալսարանական ուսումի տիրացաւ, երկու տղայ զաւակ մեծցուց Ժընեւի մէջ։ Ժընեւի մէջ հայերէն խօսողները դուրսէն եկողները կ՚ըլլան, հոն ծնածները չեն գիտեր իրենց մայրենի լեզուն։

Ձայնեց ինծի եւ ուզեց մանրամասն իմանալ ինծի հետ պատահածը։ Հակառակ ամէն ինչի, կը մնայ խանդավառ Հայաստանով։ Մենք կը շարունակենք իրար հետ զրուցել...

Երբ Արաքսի Վիզոյեան ըսեմ, աչքերուս առջեւ կու գայ իր ամուսինը, որ ծագումով հնչակէան էր, բայց դարձաւ ռամկավար ու իր կուսակից աղջիկներէն Արաքսիին հետ ամուսնացաւ։

Խանդավառ զույգ մըն էին, բայց ափսոս որ կարպիսը շուտ մեկնեցաւ աշխարհէն։

Արաքսին գիտցաւ գրիչ բռնել եւ հեղինակել արձակ հատոր մը, որ կը պատկերացնէ իր կեանքի պաղեստինեան օրերը։ Շէն ու շէնցնող աղջիկ մըն է Արաքսին եւ արդէն ունի հինգ թոռ։

Նուշիկը իր ձայնով ամէն օր կը լուսաւորէ մեր տունը «բարի լոյս» ըսելով։