Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/50

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Ապրիլ 24, 2008

Առաւօտ կանուխ սկսանք հետեւիլ Հայաստանի հեռարձակումներուն, հոգիով գացինք Ծիծեռնակաբերդ, ծաղիկ դառնալ ուզեցինք մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն համար։ Մենք յիշեցինք նաեւ, որ 1915ի Ապրիլ 24ին տուինք մէկ ու կէս միլիոն նահատակ, ահա նոյն օրը ահաւոր լեռնանցքներու մէջ ու անապատներու վրայ ծնան բիւրաւոր հայեր... ծնունդ եւ մահ ընդխառնուեցան, յուշելու համար որ վերապրումը կայ։ Յիշեցինք նաեւ, որ մեր կարգ մը բարեկամները, յետագայ տասնամեակներուն ծնան Ապրիլ 24ի օրը: Ոմանց ծնունդը շնորհաւորեցինք։ Ուրեմն կեանքը պիտի շարունակուի... Լուսինէ Զաքարեանի արեգնաշունչ ձայնը մթնոլորտը յագեցուցած էր։ Օղակ առ օղակ ժողովուրդը կ՚ուղղուէր դէպի Ծիծեռնակաբերդ։ Հայոց բոլոր դասակարգերը հոն էին։ Իր մեծաթիւ հետեւորդներով հոն էր նաեւ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը։ Մենք ալ հոն էինք, կնոջս ու հարազատներուս հետ... հոգեպէս։

Ապրիլ 24ին մեզ այցելեց գերանկարիչ Հրազդան Թոքմաջեանը, իր կնոջ, դստեր եւ տիկին Սեդային հետ։ Անոնք արագ ապաքինում մաղթեցին ինծի ու զարմանալի ոգեւորութեամբ, այդ րոպէին ես, ելլելով մահճակալէս, երկրորդ անգամ քալելու սկսայ, արկածահար ըլլալէս մէկ ամիս յետոյ։ Ես գիտէի որ գեղանկարիչը վերջերս առիթը ունեցած էր մեկնելու Թուրքիոյ Այնթապ քաղաքը եւ մանրակրկիտ լուսանկարելու այնթապահայերու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որուն ճարտարապետը Սարգիս Պալեանն էր։ էս ծրագիր ունէի այս մասին գրքոյկ մը հրատարակել։ Ծրագիրս յայտնեցի իրեն ու մենք պայմանաւորուեցանք, որ առ այդ Հրազդանը կարելին պիտի ընէ։

Իմ քալելը ուրախութեան ծափեր խլեց ներկաներէն, նոր տեսակցութիւններու յոյսով բաժնուեցանք իրարմէ...

Անշուշտ այցելութիւնները կը շարունակուին։ Բոլորը չէ որ նօթ կ՚առնեմ:


Ապրիլ 25, 2008

Տհաճ այցելութիւն մը ընդունեցինք։ Համակրելի տիկին մըն էր, որ երեք ժամ անդադար խօսեցաւ... Ես մտածեցի՝ «Տէր Աստուած, այսքան անզօր ըլլալդ չէի գիտեր...»։