Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/52

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

եւ որուն ծնունդն էր Հայաստանի Առաջին անկախութիւնը:

Ֆիլատելֆիայէն թէ Ուաշինկթըն Տի ՍիԷն զանգեց խմբավար Արսէն Սայեանը, հայ երգի ժրաջան սերմնարանը:

Զանգեց Գահիրէի Օննիկին տիկինը՝ Տիկ. Ալիսը, մաղթելով քաջառողջութիւն: Գահիրէի մէջ իր ամուսինին՝ Օննիկին մասին գիրք մը հրատարակած է։

Քանիցս Պէյրութէն զանգեց ճարտարապետ Մկրտիչ Պուլտուգեանը, որ տարիներէ ի վեր համացանցի միջոցաւ աշխարհին կը ծանօթացնէ հայուն մեծագործութիւնները: Ան ըսաւ.– Թորոս ջան, ե՞րբ Պէյրութ պիտի գաս:

Հոս վերջ կու տամ գրութեանս ըսելու համար, որ սրտագինս շնորհակալ եմ անոնց, որոնք աշխարհի բոլոր կողմերէն, զանազան միջոցներով ինծի շուտափոյթ ապաքինում մաղթեցին:

Այս տետրակը աղջիկս՝ Անին նուիրած էր ինծի, թող ներէ, որ ինծի ձօնած խօսքը, որպէս յառաջաբան կը գործածեմ այստեղ:


Մայիսի 9, 2008

Մեծարգոյ, թանկագին Տոքթոր,

Չկարծես, որ ուղղագրական սխալ մը թոյլ տուի Տոքթորը մեծառատառով գրելով։ Քաւ լիցի։

Դուն, նախ եւ առաջ, ինծի համար սիրելի անձ մըն ես, բարի տոքթորս. դուն, կ՚ուրախանաս երբ ոեւէ մէկը գրէ, ոչ միայն կ՚ուրախանաս, այլ կը մղես գրելու, նոյնիսկ եթէ քեզմէ լաւ պիտի գրէ, որովհետեւ հայ գրականութեան հարստութիւնն է քեզ յուզողը, անկախ թէ ո՞վ է հարստացնողը։ Ահա ինծի համար չափազանց անհըրաժեշտ եւ կարեւոր պատճառ մը քեզ սիրելու եւ յարգելու։

Յաճախ կ՚ըսեն թէ տոքթորը պայուսակին մէջ գիրք լեցուցած խանութէ խանութ կը պտըտի, տունէ-տուն, գրասենեակէ գրասենեակ կը փութայ։ Անոնք կը մոռնան յաճախ, որ տոքթորը ուրիշ հեղինակի մը գիրքը կը ստիպէ գնել, որուն փոխարժէքը երբեմն նախօրօք վճարած կ՚ըլլայ։ «Յաճախ» բառը շատ կը վայելէ քեզի, սիրելի, թանկագին մարդ։

Այստեղ ալ դիտումնաւոր «մարդ»ը գլխագիր չեմ գրեր, որովհետեւ կը հաւատամ, որ Աստուծոյ պատկերը կրողը պարզապէս մարդ պէտք է ըլլայ, ապա թէ ոչ իրաւունք չունի այս գոյական-ածականը