Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/9

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Թ. ԹՈՐԱՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Սիրելի հայրենակիցներ,
Սիրելի ատենապետ եւ անդամներ
Լոս Անճելըսի Այնթապի Հայրենակցական Միութեան,
Սիրելի ու թանկագին հայեր,

Այսօր 88րդ անգամ ըլլալով մասնաւորապէս այնթապահայերը եւ առ հասարակ մեր ժողովուրդը կը տօնէ բացառիկ այն յաղթանակը երբ ամբողջ 134 օր այնթապահայը չտեսնուած կազմակերպուածութեամբ եւ զոհաբերութեան գնով, խիզախութեամբ թուրքին սպիտակ դրօշ պարզել տուաւ երբ ան հայոց հետ ընդհարումներու պատճառաւ տուաւ 8.000 զոհ, աւերումներ ու զինային կորուստ։

1920 թուականի Ապրիլի մէկէն սկսող թուրք-հայկական կռիւները անգամ մը եւս հաստատեցին, որ հայը կազմակերպուելու պարագային, բռունցքուելու պարագային, միասնականութիւն գոյացնելու պարագային, յաղթանակի հասնելու հաւատք ունենալու պարագային ինչպէս կրնայ ծունկի բերել թշնամին։

Եթէ մուսալեռցին քառասուն օր լեռ բարձրացաւ, վանեցին ուրարտական բերդին վրայ յաղթանակի դրօշ պարզեց, եթէ ուրֆացին տուաւ Մկրտիչ Եօթնաղբարեանն ու Յարութիւն Ռասթկէլէնեանը, եթէ Զօր. Անդրանիկի Շապին Գարահիսարը ըմբոստութեան դրօշ պարզեց թուրքին դէմ, եւ արծուեբոյն Զէյթունը դիմեց զէնքի, եթէ Տարօն աշխարհը իր Սասնայ գիւղերով եւ Մուշով ազատութեան կոչով թնդացուց հայոց լեռնաշխարհը, եթէ փոքր Տէօրթ Եոլը զէնքի դիմեց, եթէ Հաճընը Ատանայէն օգնութիւն չկարենալով ստանալ կռուեցաւ մինչեւ վերջին հայ հաճընցին, եթէ