Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/188

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

յացուց Փոխարքայի դրական կարծիքը այս խնդրի մասին՝ աւելցնելով, որ Կովկասն ունի նիւթական միջոցներ եւ նախարարներու խորհուրդին կը մնայ, ուրեմն, որոշ եւ ստանալ ցարի համաձայնութիւնը միայն։

Երկրորդ խօսքը տրուեցաւ ինձ: Մանրամասն կանգ առի Կովկասի մէջ պոլիտեխնիկում ունենալու անհրաժեշտութեան վրայ, ոչ միայն անոր համար որ Կովկասը հարուստ է նաւթով, մանգանեզով եւ այլ հանքերով, ոչ միայն անոր համար որ Կովկասը կարող է ինք հոգալ իր բարձրագոյն դպրոցի բոլոր ծախքերը, այլեւ անոր համար որ կովկասցիք Ռուսաստան գալով՝ կիյնան կլիմայական տարբեր պայմաններու մէջ եւ կը հիւանդանան (թոքախտը աւերներ կը գործէր):

Իմ ճառէն ետք, նախագահը առաջարկեց ներկաներուն յայտնել իրենց նախարարութիւններու տեսակետները։ Առաջին խօսքն առաւ ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը՝ ոստիկանութեան դեպարտմենտի պետ՝ Զուեւը: Ներքին գործոց նախարարը ինքը Ստոլիպինն էր, որ միեւնոյն ժամանակ նախարարներու խորհուրդի նախագահն էր։ Ջուեւ խնդրին մօտեցաւ ոստիկանական եւ երկրի ապահովութեան տեսակէտէն։ Ան ըսաւ, որ վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ամբողջ Ռուսաստանի մէջ յեղափոխական ուսանողութեան մեծ մասը կը կազմեն կովկասցիները: Այսպիսի պարագաներուն, Կովկասի մէջ յատուկ դպրոց բանալը պիտի ծառայէր յեղափոխական նպատակներու եւ պիտի դժուարացնէր երկրի ապահովութեան գործը։ «Ներ–