Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/191

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այսօր կը յիշատակեմ երկու ճամբորդութիւններս միայն դէպի Փեթերպուրգ: Մւկը 1913ին, երբ Ռուսաստանը հանդիսաւորապէս կը տօնէր Ռոմանովների տան 300ամեակը. իսկ միւսը՝ քաղաքային գործերով, որու ընթացքին կաշխատէի ներքին գործոց նախարարի միջոցով հաստատել տալ կաթողիկոսի ընտրութիւնը։

300ամեակի տօնակատարութեան առթիւ ես եղայ պալատի մէջ, ուր 2000 բարձրաստիճան պաշտօնեաներու համար պատրաստուած էր ճաշասեղան, որուն կը մասնակցէր եւ ցարի ամբողջ ընտանիքը: Նստած էի Բաթումի քաղաքագլուխ՝ իշխան Անդրոնիկովի կողքին։ Ճաշէն ետք, որպէս քաղցրեղէն բերին դեղձեր։ Իշխանը, նախքան իր բաժինը վերցնելը, զննական աչքերով նայեց դեղձերուն։ Պալատական սպասաւորը կարծելով, թէ իշխանը իր կեանքի մէջ դեղձ չէ տեսած, ըսաւ. «Սա գետնախնձոր չէ, սա դեղձ է»։

Երկրորդ անգամ, ինչպէս ըսի, Փեթերպուրգ գնացեր էի ի միջի այլոց հաստատել տալու համար կաթողիկոս Սուրենեանի ընտրութիւնը։ Որպէս պատգամաւոր, իմ ձայնը տուած էի Գէորգ Սուրէնեանին: Կաթողիկոսական թեկնածու էր ե՛ւ Պոլսի պատրիարք Օրմանեանը։

Էջմիածին՝ ընտրութիւններուն մասնակցելու համար մեկնելէս առաջ՝ եղայ Փոխարքայի մօտ, որ ինձ խնդրեց յայտնել, եթե գաղտնիք չէ, թէ որն է երկուքէն իմ թեկնածուն։ Ես եւ իմ ընկերներս այդ առթիւ գաղտնիք չունէինք եւ պարզօրէն պաշտպանեցինք Սուրենեանի թեկնածութիւնը: Յայտնեցի Փո–