Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/61

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

լազցիներ, հասկնայի կը դառնայ որ որոշ չափով Թիֆլիսը հայկական քաղաք էր։ Ահա այստեղ պէտք է փնտռել Հայ—վրացական փոխ յարաբերութիւններու կնճիռը:

Ռուսական օրէնքներու համաձայն, ընտրական իրաւունք կը տրուէր միայն վաճառականներուն եւ անշարժ կայք ունեցողներուն։ Հայերը մեծապէս կօգտուէին այդ իրաւունքէն եւ Թիֆլիսի պաշտոօնէութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը կը բաղկանար Հայերէ. օրինակ՝ քաղաքագլուխը, վարչութեան անդամները քաղաքային բժիշկները ուսուցիչները։ Քաղաքային պաշտօնէութեան թիւը կը հասնէր 3000ի։

1870էն 1916, այսինքն՝ 46 տարիներու ընթացքին՝ Թիֆլիսը ունեցեր էր 11 քաղաքագլուխներ, որոնցմէ ինը Հայեր էին (Մատինեան, Իգմիրլեան, Եւանգուլեան, Խատիսեան, եւ այլն) եւ միայն երկուքը՝ վրացիներ (Կիպիանի եւ Չերկեզով):

Այս հանգամանքը կը վիրաւորէր վրացիներու ինքնասիրութիւնը, մանաւանդ որ Թիքլիսը ըլլալով ամբողջ Կովկասի կեդրոնը՝ կարեւոր ազդակ մըն էր Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի յարաբերութիւններուն համար: Թիֆլիսի դերը մեծ էր ամբողջ կովկասի առեւտուրի համար։ Անոր դրամատունները, վարկային ընկերութիւնները, բարեգործական եւ կրթական հաստատութիւնները առաջնակարգ դեր կը կատարեին կովկասի կեանքին մեջ։ Թիֆլիս կը գտնէին քաղաքական կուսակցութիւններու գլխաոր կեդրոնները, որոնց մէջ նաեւ հայկական ամէնէն ուժեղ կուսակցութեան՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոն