Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/62

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

եւ վրացական ամենամեծ կուսակցութեան սոցիալ-դեմոկրատներու կեդրոնական կոմիտէն:

Պայքարի ազդեցութիւնները կը տարածուէին եւ լայն խաւերու մէջ։ Քաղաքային ընտրութիւններու ընթացքէն, պայքարը աւելի կուժեղանար։ Վրաց սոցիալ—դեմոկրատները կաշխատէին Հ. Յ. Դաշնակցութեան ձեռքէն խլել Հայ զանգուածը, բայց չէին յաջողեր։ Հայ զանգուածը միշտ հաւատարիմ կը մնար իր պաշտպան՝ Հ. Տ. Դաշնակցութեան։ Պայքարը կը տարածուէր ե՛ւ գաւառներու մէջ, թէեւ, ի հարկէ աւելի փոքր չափերով:

Այլ էր պատկերը Կովկասի միւս քաղաքներուն շէջ, ինչպէս՝ Բագու, Գանձակ, Բաթում: Այստեղ պայքարի բնոյթը հայ—թաթարական էր:

Հայ–թաթարական յարաբերութիւններու ամենակնճռոտ վայրը Բագուն էր, ուր դեռ երէկուան թուրք մշակները դարձեր էին միլիոնատէրներ, ինչպէս Թաղիեւը, Սիբրաբաեւը եւ ուրիշներ։ Հայ ունեւոր դասակարգն ալ այստեղ իր ստացուածքը Հասցուած էր միլիոններու: Ահա այստեղէն առաջ կու գար պայքարը: Տեղական վարչութեան հրամանով ինչպէս նաեւ փեթերպուրգի ոստիկանութեան ու ժանտարմերիայի համաձայնութեամբ, թուքերը յարձակեցան հայերուն վրայ:

Բագուի մէջ թուրքերը կաշխատէին իրենց ձեռքն առնեք քաղաքային իշխանութիւնը. սակայն համաձայն ռուս ցարական օրէնքներու, ղաղաքային խորհուրդներու մէջ ազգաբնակչութեան ոչ—քրիստոնեայ տարրը իրաւունք չունէր ձայներու կէսէն աւելին շահելու: Այնպէս որ չունենալով մեծամաս–