Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/111

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Շատերը կը զարմանան, թէ որտեղէ՞ն առաջ եկան բոլշեւիկները, որ 1917-20 թուականներուն տէր դարձան ոոջ Ռուսաստանին: Կարեւոր կը Համարիմ կանգ առնել բոլշեւիկներու՝ ռուսական ընդհանուր բանուորական կուսակցութենէն բաժանումին վրայ։ Սակայն, պիտի ըսեմ որ 1905ին ես հեռու էի այն միտքէն, թէ բոլշեւիկ առանձին անհատներ, տարիներ ետք, պիտի կրնան իրենց ձեռքն առնել Ռուսաստանը:

Քաղաքապետութեան սրահներու մէջ, բոլշեւիկները դեռ այն ժամանակ կը յայտարարէին ընկերային յեղափոխութեան անհրառեշտութիւնը։ 1905ի յեղափոխութիւնը իրենց տեսակէտով յեղափոխութեան վերջնական փուլը չէր։ Ռամկավար ազատութիւնները բաւարար չէին բանուոր դասակարգի համար, այլ բռնի ուժով պէտք էր տապալել իշխանութիւնը, հրաւիրել Սահմանադիր Ժողով եւ իրականացնել ընկերային յեղափոխութիւն։

Այն ժամանակ, այդ ճառերը ցնորական կը թւէին: Սակայն, դէպքերը եկան ապացուցելու, որ բոլշեւիկները ոչ միայն բռնի ուժով տապալեցին իշխանութիւնը, այլեւ ցրեցին Սահմանադիր Ժողովը՝ իրենց ծրագիրները իրականացնելու համար։

Յաճախ կը հանդիպէի բոլշեւիկներուն այլ կուսակցութիւններու պատկանող անհատներու հետ՝ կողք կողքի պայքարելու ատեն ցարական բռնակալութեան դէմ, որու մէջ ամէնքս կը տեսնէինք Ռուսաստանի մեծագոյն չարիքը: Մինչեւ 1903 գոյութիւն ունէր ռուս սոցիալ — դեմոկրատական բանուորական մէկ կուսակցութիւն: 1902ին, Բրիւսէլի հա—