Էջ:Քաղաքավարութեան վնասները.djvu/30

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— 27 —


— Չունիմ, աղբար, չունիմ, դուք իրաւունք ունիք բարկանալու, թո՛ղ տուէք, սա ոտքս քաշեմ։

Կոշկակարն ուժով բռնած է Սեդրաք աղային ոտքէն որուն ինը տասներորդ մասը մտած է կոշիկին մէջ։

— Շատ բծախնդիր էք, Սեդրաք աղա։

Սեդրաք աղան կ՚զգայ, թէ գերի բռնուած է, ուստի անձնատուր կ՚ըլլայ կօշկակարին, որ իւր խումբովը կը յաջողի կօշիկներն անցնել իւր յաճախորդին ոտքերուն։

— Տեսա՞ր ինչպէս աղէկ եղաւ․․․ ոտքի վրայ կայնէ քիչ մը. օ՜հ․․․ մինչեւ տուն երթաս նէ՝ ոչ ցաւ մը կը մնայ, ոչ բան մը․․․ սանկ քալէ նայիմ։

— Ի՞նչպէս քալեմ ճանըմ, նասըրներս կը ցաւին կոր․․․ հանեցէք սըւոնք։

— Քիչ մը խօսք մտիկ ըրէ՛, Սեդրաք աղա, մինչեւ տուն գնայ, ոտքերդ պիտի վարժուին ու․․․

— Քիչ մը լայնկէկ շինէիք նէ՝ չէ՞ր ըլլար։

— Չըլլար, Սեդրաք աղաս, չըլլար, ամէն խանութ նամուս ունի, մենք մեր խանութին պատիւը չենք կրնար կոտրել անանկ մեծ, լայն ու տձեւ կոշիկներ կտրելով, ամէն մարդ իր գործը գիտէ։

— Աղէկ, աղէկ, ի՞նչ պիտի տանք։

— Ոսկի մը ու մեճիտիէ մը։

— Առէք։