Էջ:Armenian classical poetry vol 1.djvu/28

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

***
Առաւօտուն դըռան դիմաց
Եկիր, անցար, չ՚արիր իմաց,
Աչքըս տեսաւ, խելքըս գընաց,
Իմ սիրելի։

Առաւօտուն աս ի՞նչ խաղ է,
Եարս ի բաղչան վարդ կու քաղէ,
Երեսն սպիտակ՝ կարմիր վարդ է,
Իմ սիրելի։

Առաւօտուն դիպէր արև,
Իջնում ու տամ եարիս բարև,
Կու նըմանի վարդի տերև,
Իմ սիրելի։


ԵԱԼԱԼԻ

Եալալի, հա՜յ, ճանիման, ճանիման,
Եալալի, ջուխտ արարին ճանիման։
Եալալի, պատկերըդ այ աննըման,
Եալալի, դէմքիս պայծառ փայլըման։
Եալալի, գըլխիդ գաթաղուտ թէլըն,
Եալալի, դու այս իմ սըրտի մելըն,
Եալալի, զըլքերըդ այ մանուշակ,
Եալալի, դոր անմահական թօշակ։
Եալալի, մանդիլըդ այ հափըրման,
Եալալի, թըշերըդ պայծառ փայլման։
Եալալի, յունքերըդ այ թախ տըված,
Եալալի, սըրտիս մէջըն գաղ տըված։
Եալալի, աչեր ունես ջէրանի,
Եալալի, տեսնողի խելքըն տանի։
Եալալի, երբ որ իշարաթ կ՚անես,
Եալալի, սըրտիս մէջըն կը դաղես։
Եալալի, ուշըս, խելքըս կը տանես,
Եալալի, սաղ-սաղ ինձի կը թաղես։