Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/10

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մեծ ցաւ մր թափանցէ մինչև հոգին ու անիկա եթէ նոյն իսկ զարթնումի տարտամ շարժումներ գործէ, մարդիկ անհանգիստ՝ կօրօրէն զայն, կը քնացնեն զայն, որովհետև նոյն իսկ իրենց սեպհական հոգիին զարթնումր կր սարսափեցնէ զիրենք ինքզինքնուն անծանօթ են և երբէք չի պիտի համարձակէին իրենց հոգիին անսահմանութեանը նայել, ու կը շարունակեն ապրիլ փոխ առնուած զգացումներով, փոխ առնուած սկզբունքներով, դուրսէն ստացած ձևերով ու կերպերով և ոչինչ, բայց ոչինչ չի բղխիր իրենց ներքին աշխարհէն, իրենց էութենէն, իրենց հոգիէն։

Այսպէս է, որ մարդիկ կրսեն. պատշաճ է այս ինչ բանը, այն ինչ բանը. լաւ պիտի րլլար այս ինչ պարադային այս կերպ վարուիլ, այն կերպ վարուիլ. ու կը դատեն ու կը դատապարտեն ուրիշները, որովհետև այս ինչ վարմունքը այն ինչ պարագային մէջ համաձայն չէր վարուելու ընդունուած ձևի մը, կամ շեղում մը ունեցած էր։ Ոչ ոք կըսէ. ի՞նչ ներքին և անդիմադրելի դրդումի հպատակեցաւ։ Ոչ ոք կըսէ, ի՞նչ կուզէ իմ հոգիս, ի՞նչ նուիրական և առանձին օրէնքներ կը թելադրէ իմ սեպհական էութիւնս։ Այս եղանակով է, որ կը խորհին ամուսնութեան և նոյն իսկ սիրոյ վրայ. իրենց ընտրութիւնը կընեն հաշուով, կանխակալ զգացումներով և որոշ պայմաններով։ Բայց ինչ որ զարմանալի է, այն է, որ ուրիշներու կարծիքը նոյն իսկ այդ բոլորովին անձնական գործին մէջ յաճախ գերակշիռ է. պէտք է որ ուրիշները հիանան, զարմանան, հաւանութիւն յայտնեն եղած ընտրութեան վրայ, ու այն ատեն ամեն ինչ պատշաճ կերպով կատարուած կըլլայ։ Այսպէս է, որ մարդիկ կը տեսնենք, որ ճշմարիտ մարդեր չեն, զգացումներու կը ծանօթանանք, որոնք ճշմարիտ զգացումներ չեն, ու կը տեսնենք, որ մարդիկ մէկ հոգ մը ունին. ոչ թէ ապրիլ ու կեանքի բոլոր ժպիտները վայելել բնութեան իրենց ընծայած հնարաւորութիւններուն լիակատար ընդարձակութեամբը, այլ առաւել կամ նուազ լաւ կատարել իրենց ստանձնած կամ ուրիշներէն իրենց տրուած դերը. և կեանքը տխուր է, անշահեկան ու ձանձրալի, ինչպէս անտաղանդ թատերագիրի մը կատակերգութիւնր։

Հազուադէպ կերպով մարդիկ կան, որ զանազան բարեբաղդ դիպուածներու հետևանքով կամ թերևս անձնական բացառիկ ընդունակութիւններով կը թօթափեն իրենց տրուած աշխարհիկ և կեղծ դաստիարակութեան պատեանը ու կը փնտռեն ինչ որ կորսնցնել տուած են իրենց, կը փնտռեն ինքզինքնին, իրենց հոգին, ու կը յանձնուին անոր. այդպիսիները չեն ձանձրանար, երբ առանձին են, երբ մտիկ կընեն իրենց հոգւոյն երգերը ու վէպերը։ Անշուշտ,