մշուշներ կը շրջապատեն զիրենք և իրենք ալ յաճախ դեր մը կը կատարեն, բայց տարբերութինը այն է, որ երբեմն կը սթափին և կը գտնան իրենց սեպհական հոգին։ Ու ի՞նչպէս արդէն շատ շատերը պիտի գտնային իրենց հոգին. երբէք առանձին չեն ինքզինքնուն հետ և նոյնիսկ կը սոսկան այդ առանձնութենէն։ Կեանքր կանցնի շատերուն համար աղմուկի, մրցակցութիւններու, իրենց էութենէն օտար նպատակներու հետապնդման մէջ։ Ւնչ որ ունին իրենց մէջ, իրենց տրամադրութեան ներքև՝ երջանկութեան և վայելքի տարրերը, կը փնտռեն հեռուն, իրենց հասողութենէն դուրս կէտերու մէջ և քանի կարծեն թէ իրենց նպատակները անհասանելի են, այնքան կը խորհին, որ իրենց կեանքը հետաքրքրական է ու կապրին հերոսներու նման, երբէք չեն սթափիր, ժամանակ չունին սթափելու, որովհետև իրենց խճողուած կեանքին մէջ առանձնութիւն չունին։
Այն հազուադէպ մարդիկը, որ բացառապէս կապրին իրենց հոգիով, անմիջապէս կը ճանչցուին իրենց գործերուն, զգացումներուն, շարժումներուն ինքնաբուխ, միամիտ և յստակ պարզութեամբը։ Անոնց հոգին խրտչելով չէ ապաստանած իրենց էութեան մէկ անկիւնը, այլ մակերեսն է բարձրացած, կը շողշողայ իրենց դէմքին վրայ, կր ճառագայթէ իրենց անձէն դուրս, կերգէ ու կը ժպտի անիկա ու մարդ անասունը կը բարձրացնէ իր բարձրագոյն ոլորտին. թևեր կուտայ անոր ու կարծես անզգալի կը դարձնէ մարդկային ստորաքարշ պայմաններու ճակատագրական նուաստութիւնը։ Ւնչ փոյթ այն ատեն, որ անհամար դիպուածներու դասաւորում մր զայն դրած է այս ինչ կամ այն ինչ ընկերական դիրքին մէք՝ թագաւոր թէ հովիւ, ի՞նչ փոյթ, թէ ֆիզիքական ի՞նչ կերպարանքով մարմնացած է անիկա։ Աստուած իր մատը դրած է անոր ճակատին վրայ, անիկա ճշմարիտ ընտրեալներէն մէկն է ու կապրի, կանհետանայ այս աշխարհէս. լուսաւոր հետք մը ձգելով իր ճամբուն վրայ։
Դուն այդպիսի ընտրեալ մըն ես, սիրելիս, դուն անոնցմէ մէկն ես, որ Աստուծոյ այցելութիւնը ընդունած են. հոդիս զգաց քու հոգիդ, եդբայրացաւ անոր հետ, ու ատոր համար է, որ քեզ սիրեցի այնքան խոր, որքան անակնկալ եղանակով մը։
Բայց ես կուզէի խօսել Միքայէլի մասին։ Այն բոլոր սիրունիկ, լաւ հագուած, սրամիտ ու փայլուն փեսացուներոն մէջ, որոնք սուտ մարդերու տպավորութիւնը կընէին իմ վրաս, Միքայէլ ճշմարիտ
մարդ մրն էր, բայց իր մռայլ ու տխուր հոգին անհաշտ էր