Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/125

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

և նա անկարող եղաւ ամբողջովին լեզուն շարժել խօսելու համար։

Կինը տեսնելով ամուսնու յանցապարտ լռութիւնը և մութին լուսնշաղ ծալքերու մէջէն ընդնշմարուող անոր դէմքին դալկութիւնր, կասկածանքի յանկարծահաս մտորումներով բռնուեցաւ․ նստած տեղէն անմիջապէս բարձրացաւ, դողդոջուն մատներովն շօշափեց ամուսնու շալակը և ոչինչ գտնելով հոն, խելագարի մը պէս սկսաւ շուրջ դաոնալ, ճուտն կորուսած հաւու մը ամբողջ մոլեգնութեամբ շանթահար, աչքերը կատաղի բոցերով կայծկոտուն․․․

Ամուսինը շփոթուած, սարսափէն զարնուած նապաստակի մը դողահարութեամբ քարացաւ մնաց տեղնուտեղը։ Մինչ խեղճ Ռեհան խենթի մը պէս թռաւ ճամբու վրայ, մազերն սկսաւ ճանկել, թափահարել թևերը մոլեգնօրէն, խաւարը շօշափել մատներովն տղու մարմինը գտնելու յուսադրութեամբ, բայց իզո՜ւր․․․

Գետին միւս եզերքը կատաղի կերպով հրաձգութիւնը կը շարունակուէր։ Սարսափէն գժուած ամբոխը կը տատանէր հովէն քշուած տերևներու նման, կը նետուէր խելագարի պէս ալիքներու անկուշտ որկորը և կամ յուսահատօրէն կը փախչէր լեղապատառ, կեանքը փրկելու վայրենի բնազդին մոլուցքովը բռնուած։

Մահուան մանգաղէն խուճապող ամբոխին աղեկտուր վայնասունը գետին ամեհի ոռնոցներուն ու հրազէններու անդադրում ճարճատումներուն միախառնուած՝ մահասարսուռ յանկերգ մը, բնութեան դառնաշունչ ողբուկոծ մը կը յօրինէին նեղ կիրճին ամբողջ երկայնութեամբ, ու կը թուէր թէ ճակատագրական փլուզում մը, հոգեվարքի թևերուն օրօրուող աշխարհին գլխապատառ և հեգնալից անկում մը տեղի կունենար․․․


Անօգուտ փնտռտուքներէ յուսահատ Ռեհան ետ դարձաւ էգ առիւծի մը բռնկուած կատաղութեամբ։ Մինչ Ցարութին վրայ այնքան խոր և այնքան սուր ազդած էր դիպուածը, որ ձեոներն աչքերուն տանելով, ամօթահար տղու մը նման կուլար, կինը անոր այտերն իվար հոսող արցունքներէն մեղմացած, բռնեց էրկան ձեռները և ուղիղ անոր հայեացքին խորքը սուզելով իր աչքերը, սկսաւ հարցուփորձել։

— Ախըր ու՞ր թողիր տղէն, Ցարօ՛, ինչի՞ բերնիդ քարէ փափականքը դրեր փակեր ես։

— Ի՞նչ պահեմ Աստծուց, քեզնից․ տղէն թողի ջուրին էն միւս ափը, երբ գիւլլաները եկան, խելք գլուխս չը մնաց, որ վերցնէի բերէի հետս, թոթովեց Ցարօն դողահար։