Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/129

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

փրփրադեզ խուժումին ներքև, անոր հոգին չէր ալեկոծուիր մահաբեր գնդակներու անախորժ սուլումներէն։

Գինովութեան գագաթնակէտին հասած մայրական զգացումը կը քերէր ու կը լլկէր ամբողջ իր էութիւնը և կը մղէր զինք բնազդօրէն և շեշտակի դէպի այն վայրը, ուր իր զաւակն կը հեծեծար ու կը մորմոքէր անպաշտպան։

Գերմարդկային զօրութեամբ մը անդադրում յառաջացող Ռեհան երբեմն երբեմն կը քշուէր կուտակուած ալիքի մը յորձանքէն, կը դողդղար, կերերար տաշեղի մը նման, ու կը թուէր թէ կոհակները ահա առնէին պիտի, տանէին զինքը իրենց դժոխային երախներուն մէջ ջրամոյն ընելու համար, բայց անմիջապէս անոր բազուկին ոյժերը ճակատ առ ճակատ կը կանգնէին ալիքներու ոյժին դէմ և կը յաղթահարէին անոնց անզուսպ կատաղութիւնն։ Քանի անգամ ջուրին մակերեսը ծածանող դիակներն եկան զարնուեցան իրեն, գլորելու, տանելու համար զայն իրենց հետ, բայց ան ջլապինդ բազուկով անդին կը հրէր զանոնք ու կը քալէր անդադար դէպի այն սևեռակէտը, որ իր գիտակցութիւնն շղթայեր ու սևեռեր էր դէպի ինք:

Քարաժայռերէն սուրացող գնդակները կարմիր, թունաւոր օձերու նման կուգային ու կիյնային ճիշտ իրեն քով, անախորժ սարսռալի ձայն մը թողլով իրենց ետևէն. անոր սիրտը սակայն չէր վախնար, անոր զգայութիւնները քարացեր, անհաղորդ էին դարձեր, անոր ականջին մահը այնքան ահարկու և այնքան սուր չէր ղօղանջեր, ինչպէս ուրիշներուն:

Եւ ահա գերմարդկային ճիգերէ յետոյ ոտներն աւազուտ ափն առին, իր հոգին անծանօթ յուզումէ մը հրճուեցաւ, խաւարի թանձրութիւնն կարծես անօսրացաւ, նուաղեցաւ իր տեսողութեանն առջև և ճուտը որոնող թռչունի մը արագութեամբ սլացաւ ան ամայի գերեզմանային ճանապարհի վրայ։ Կենդանի մարդու ոչ մէկ ստուեր կը տատանէր հոն, կը տեսնուէին միմիայն խոշտանգուած, արիւնլուայ եղած դիակներ. ուրիշներ տակաւին վիրաւոր, կիսամեռ վիճակի մէջ կը սողոսկէին քարերու մէջէն, մահը խնդրելով կամ հեռանալ ուշացող կեանքին անէծք հեծեծալով։

Ճանապարհի վրայ ընկած մարմինները շօշափելով, քայլ առ քայլ կը յառաջանար Ռեհան։ Յանկարծ անոր մատները դիպան փոքրիկ տղու մը մարմնին, որ հրազէններու պայթումներէն խելայեղ կծկուած էր քարի մը տակ ու աչքերը չռած խաւարին մէջ. ալ իր ուրախութեան չափը չըկար, մատներուն հպումը չէր խաբեր իր մայրական գորովը։ Խեղճ մայրը ուրախութենէն խենթացած