Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/23

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

էութեանս վրայ։ Ո՞վ կարող էր երևակայել։ Այսպէս է, որ կինը յաճախ մարդոց կը թուի անթափանցելի և խորհրդաւոր, որովհետև իր հոգիին ալիքներուն խորերէն վաղեմի յիշատակներ և կերպարանքներ նոր կենդանութեամբ մը կը բարձրանան ու կր յայտնուին։ Այդ պատճառաւ է, որ յանկարծ իր ձեռքը կր դողայ ձեր ձեռքին մէջ, իր շրթները մերժեն ձեր համբոյրը, ու անակընկալ դժգունութիւններ կամ կարմրութիւններ կանցնեն իր դէմքին վրայէն։ Այդպէսով է, որ յանկարծ իր ուրախութիւնները կը մարին, կամ տխրութեան մէջ կը ժպտի, ու իր նայուածքը կը դառնայ տարտամ ու անհանգիստ, որովհետև պահ մը մոռցած ձեր ներկայութիւնը, անիկա կը դիմաւորէ յիշատակները երբ իր բարեբաղդ կամ դժբաղդ սէրերուն։ Այսպէս է, որ անակնկալ կերպով կինը կը գտնէք քաղցը ու գորովագին, որովհետև զղջումը և ամօթը ուրիշի մը խորհած ըլլալուն զինքը դարձնեն հեզ և խոնարհ, մինչ ուրիշ պահեր իր անցեալ ժամերուն յիշատակներուն մէջ կը գտնայ անսպասելի արիութիւն դիմադրելու և խրոխտանալու, ու այդ բոլորը անթափանցելի գաղտնիքներ են ոչ միայն մարդոց, այլ յաճախ նոյն ինքն կնոջ համար, որովհետև սովորութիւններու, զգացումներու, պայմանադրական վերաբերմունքներու թանձր մշուշին ընդմէջէն անիկա շատ հազուադեպ կերպով յստակօրէն կանդրադառնայ ինքզինքնին։

Այսպէս է, որ երբ զիս կը տեսնէին հանդարտ ու ժպտուն, չէին կարող երևակայել, թէ ի՛նչ տագնապներ կը գալարէին իմ հոգիս. կարծես երբեմն անոր ջղագրգիռ, մատները կը հպէին իմ ցաւէ բաբախսւն սրտիս. ու երբեմն կը խորհէի անձնատուր ըլլալ իմ գգացումիս, սիրել ու մեռնել, ոտնակոխել բոլոր արգելքներր, սաւառնել բոլոր վիհերուն վրայէն... ու ահա յանկարծ, նոյնիսկ կայծակի արագութեամբ և միմիայն մտածումով այդքան սոսկալի կերպով մեղանչած ըլլալուս համար տխրութեան և յուսահասւութեան տագնապներ կունենայի, ու ամբողջ եղերականութիւնր հոգեկան այս կացութեան զիս երբեմն օրերով յուզաած և դողդոջուն վիճակի մէջ կը պահէր։

Ազատելու համար այդ սևեռեալ մտածումէն կը ջանայի ոչ մէկ անզբաղ վայրկեան ունենալ. օրուան ժամերս կը տրամադրէի այնպէս, որ հև ի հև և առանց դադարի զանազան կարգի զբաղումներով գրաւուած ըլլաի։ Երբ սպառած յոգնութենէ և ջղագրգիռ աշխատութիւններէ առանձնանալու և հանգչելու ժամը հնչէր, պէտք էր, որ կարդայի, կարդայի մինչև որ քունը մթագնէր իմ գիտակցութիւնս... ու տարինե՜ր, տարինե՜ր այսպէս, հակառակ որ