Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/26

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

որ կրցայ իր մասին գրել այնքան երկարօրէն, մինչ աոաջ նոյնիսկ իր յիշատակին վրայ չէի ուզեր, չէի կրնար րոպէ մը աւելի կանգ առնէլ։

Ահա իմ բոլոր անցեալս էր լաւ ու վատ կողմերով։ Ես ուզեցի ամեն ինչ ըսել քեզի, ամեն ինչ պարզել, որպէսզի իմ արտակարգ հոգեկան շարժումներս գաղտնիք չունենան քեզի համար։ Ես համոզուած եմ, որ ամեն մարդկային հոգի, եթէ ոչ նման, գոնէ համարժէք բարդութէւններ, ներքին փոթորիկներ ունեցած է։ Բայց տարբերութիւնը այն է, որ ամեն մարդ կամ ամեն կին չի ճանչնար իր հոգին, յստակ կերպով չանդրադառնար անոր բաղձանքներուն և առանձին օրէնքներուն, և կոյր ինքզինքին մասին, աններող և խիստ է ուրիշներուն նկատմամբ։ Անգամ մը ես համոզուած կըսեմ, մարդիկ սովոր են ըսել. ես այս ինչ սկզբունքները ունիմ, ես այսպէս կը վարուիմ այս ինչ պարագային մէջ, այնպէս կը վարուիմ այն ինչ պարագային. կը սիրեմ սա կարգի մարդիկը, կա՛տեմ նա կարգի մարդիկը»։ Բոլոր ասոնք տգիտութեան յանդգնութիւններ են. մարդիկ չեն գիտեր, թէ ինչ պիտի սիրեն, ինչ պիտի ատեն. մարդիկ չեն գիտեր, որ իրենց իսկ մէջ կը կրեն անսահման և յարափոփոխ բան մը, իր առանձին և մեղ անծանօթ օրէնքներով, որոնք նման չեն մարդոց հարկադրած օրէնքներուն։ Անիկա անծայրածիր ծով մրն է, որուն ափունքները չենք տեսներ երբէք և որուն փոթորիկները ե խաղաղութիւնները կր կրենք ու կր վայելենք առանց գիտնալու յաճախ թէ ին՞չու և ի՞նչպէս։ Բայց մանաւանդ, երբէք, երբէք մոռնալու չէ սա բանը, թէ մենք իշխանութիւն չունինք մեր հոգիին վրայ, և թէ անիկա կալեկոծուի մեզմէ, մեր կամքէն դուրս գտնուող պատճառներէ, ու ահա թէ ինչու պէտք չէ դատել զիրար և անսահմանօրէն ու անկեղծօրէն ներողամիտ պէտք է ըլլալ իրարու նկատմամբ։


Իրիկուն մը, մինչ զաւակներս քնացած էին ու ես մինակս ըլլալու երջանկութիւնը ունէի, վառարանին քով թիկնաթոռին մէջ ընկողմանած կը խորհէի հանդարտութեամբ։ Ահաւասիկ էմ երիտասարդութիւնս անցնելու վրայ է և ես, կարելի է ըսել, թէ իմ կեանքս ապրեցայ ու հակառակ ամեն բանի, գեղեցիկ կեանքով մը ապրեցայ։ Իմ հոգիս ճանչցաւ մարդկային զգացումներու ամենաբարձր և զանազան յուզումները։ Բնութիւնը զիս օժտած էր հարուստ խառնուածքով մը, և այն ամեն, ինչ որ ուրիշի մը կեանքին մէջ տափակ ու գռեհիկ պատահար մը պիտի րլլար, իմ մէջս դարձաւ հրաշագեղ երազ մը, կամ հրահրուած բոց մը, կամ շողշողուն