Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/29

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

որոնց ընթացրին անիկա կը յառաջանար յուշիկ, բայց անսայթաք, տարօրինակ, գրեթէ խելայեղ զգացումով մը կը տոգորուիմ և կը սիրեմ այդ անցեալ օրերր ու ժամերը, և անոնց յիշատակր ջինջ ու յաւիտենական կերպով արձանացրուած է իմ էութեան մէջ, ու իմ այսօրուայ գիտակից հոգեկան վիճակովս կուզեմ կրկին ապրել այդ պահերը:

Երեկոյեան ուրախ էի ու այցելութեան գացի իմ մէկ բաբեկամուհիիս։ Հոգւոյս մէջ խռովայոյզ երգ մը կը հնչէր. յաճախ կը պատահէր ինձի ասիկա։ Փոքր հասակիս մէջ դաշնակի դասեր առած ու անիմաստ պատճառներով թողած եմ։ Բայց այն ժամանակէն, երբ դեռ իմ անվարժ մատներս դժուարաւ կը գտնէին նօթերը կամ թէ կը դանդաղէին ձայնանիշի մը վրայ, պատճառը այն էր, որ տարբեր ու ներքին երաժշտութեան մը մտիկ կընէի։ Երբ մինակ էի, ու պէտք էր դասերս պատրաստել, երբ իմ վտիտ ու անճարակ մատներս կը թափառէին ստեղնաշարին վրայ, գրեթէ խարխափելով կը փնտռէի այն երգը, որ հոգւոյս մէջ կը լսէի, և որուն նմանը ոչ մէկ նուագարանէ և ոչ մէկ մարդկային շրթներէ չէ եղանակաւորուած։ Անոնք իմ սեպհական երգերս էին, իմ հոգիիս ձայները, որոնք կընկերանային իմ տխրութիւններուս կամ ուրախութիւններուս, բայց և ոչ մէկ կերպով չէի կարող արտայայտել։ Երբեմն առանձին նօթ մը, շեշտ մը, աղաղակ մը, մրմունջ մը կը մոլորուէր ու դուրս կարձակուէր այդ ներքին համադաշնակութենէն, բայց այդ էր բոլորը, ու իմ երգս, ու իմ երգերս կը մնային ինձի համար միայն լսելի ու թափանցելի։ Երրեմն հոգիս կը լռէր ամիսներով, տարիներով, ու ահա յանկարծ, չեմ գիտեր ի՞նչ դրդումով, ի՞նչ ներքին և անթափանցելի պատճառներով, անիկա կերգէր իր եղերերգութիւնր կամ բարձրագոյն ուրախութիւնները։ Այսպէս էր նաև այդ օրը. կարծես մեծ անտառի մը սօսաւիւնը կելևէջէր իմ մէջս երկարօրէն, խաղաղօրէն, ու ես մտիկ կընէի այդ դաշն ու գրաւիչ համերգին։ Րոպէական լռութիւններ կը նախապատրաստէին զիս հրաշալի վերսկսումներու, որոնց միջոցին կարծես կը լսէի հեռաւոր և սաղարթախիտ առանձնութեան մը մէջ ջուր է կաթիլներու հատիկ հատիկ անկումը մամռապատ ժայռի մը վրայ… Աւելի հեռաւոր կը հնչէր թռչուններու շատախօսութիւնը, որը երբեմն կը ներդաշնակուէր և երբեմն ալ կը խանգարէր դաշն սօսաւիւնը անտառին. ու կարծես տիրապետելու և խեղդելու համար օտար ճիչերը ու ձայները, փոթորիկի մը պէս կը բարձրանար սօսափիւնը, ու իր խռովայոյզ և ցասմնալի երգովը լեցնելէ ետքը ամբողջ տարածութիւնը, աստիճանաբար