Jump to content

Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/3

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸ

Ինձի ըսիր. «կուզեմ քու հոգիդ ճանչնալ»: Ահա իմ խոստումս կը կատարեմ վերջապէս և կ’սկսեմ գրի առնել իմ տպաւորութիւններս և արձանագրել այն ժամերը, զորս ապրեցայ երջանկութեամբ և յուզումով։ Ես արուեստով գրող չեմ՝ վարպետ չեմ իմ զգացումներս և ապրած վայրկեաններս ներկայացնելու այնպիսի ճարտարութիւնով մը, որ ընթերցողին գրական և գեղարուեստական ճաշակները փայփայէ։ Բայց իմ սիրտս այնքան գեղուն է և իմ էութիւնս այնքան գրաւուած է իմ հրաշագեղ վէպովս, որ քու խնդրանքիդ հաւատարմօրէն գոհացում տալու ժամանակս հաճոյքով կը մտածեմ, թէ ասիկա առիթ մը պիտի ըլլայ, ես ինքս անդրադառնամ իմ ապրած ժամերուս գեղեցկութեան և անդորր երջանկութեան։

Յայտնի է որ իսկական գրող չեմ. ես կը շեղիմ ընդհանուր կանոնէն։ ԸնդհանրապԷս գրագէտները ներկայացնելու արժանի կհամարեն միայն դժբաղդութիւնը, անձկութիւնը, եղերական դրուագները, կեանքի սոսկալի ժամերը։ Կարծես պայծառ երջանկութիւնը իր պատմութիւնը չունի, կարծես կեանքի քաղցրագոյն պահերը զուրկ են շահեկանութենէ։ Երբ նոյն իսկ մարդկային էակ մը կը ներկայացնեն իր կեանքի գագաթնակէտերէն մէկուն վրայ, անոր համար է, որ այդ բարձրութենէն անիկա աւելի սոսկումով պիտի տեսնէ այն վիհը, որ իրեն ոտքերուն առաջք կը բացուի: Իսկ երբ պատահի, որ դժբաղդ արգելքները, չարաբաստիկ դիպուածները վերջ գտնեն, երբ պատահի, որ մէկը յաջողի յաղթանակել և հասնիլ խաղաղաթեան հանգրուանի մը, հոն կը վերջանայ այլ ևս վէպը ու պատմութիւնը կը լռէ։

Բայց իմ ի՞նչ փոյթս է ընկալեալ սովորութիւնները, իմ ի՛նչ փոյթս է գրական մեթոդները, ես իմ սիրտս կուզեմ արտայայտել, ես իմ ուրախաթիւնս կուզեմ երգել, և ես կը գրեմ միմիայն քեզի համար, սիրելիս...