Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/5

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

պէս կը շլացնէր զիս երբեմն։ Բայց իրերու բնական ընթացքով այլևս մտած լի սովորական մարդոց սեղմ շարքերուն մէջ, ու անկէց ետքը իմ կեանքս նման եղաւ այնքան ուրիշ կեանքերու, որ իր առանձին պատմութիւնը չունի գրեթե։ Ուրախութեանց և տխրութեանց սովորական մակընթացութիւնը և տեղատւութիւնը կը տարուբերէր զիս կեանքի պայմանագրական եզրերուն մէջ։ Իմ կենսուրախ և հարուստ անհատականութիւնս երբեմն դժկամակութեամբ կը սահմանափակուէր, և ժայթքումներու, ոստումներու աննպատակ բաղձանքներ երազանքի մէջ կը պահէին զիս, բայց իմ կորովս կը սպառէր առանց ցնցումներու. այդ երազաներուն մէջ իսկ, ու կեանքը իր առօրեայ դժուարութիւններով ու պզտիկ յաղթանակներով կը վերադարձնէր զիս իրականութեան։

Ե՞րբ ծագեցաւ ինձի համար հրջանկութեան արևը, ե՞րբ փարատեցաւ, իմ տարտամ կեանքիս մշուշը, ահաւասիկ ինչ որ պիտի ջանամ դասաւորել և պատմել ճշգրիտ մանրամասնութեամբ, անկեղծօրէն և անվերապահ կերպով։


Փետրուար ամսուան վերջերն էր. մեր երկիրներու կանխահաս գարունը սկսած էր ժպտիլ և երկար անձրևոտ օրերէ ետքը ջերմ արևը կը ճաճանչէր ամպի ճերմակ ծուէններու ընդմէջէն, որոնք հետզհետէ կը խուսափէին և կը ցրուէին։ Պարտեզներու շարք մը կը տարածուէր ննջարանիս պատուհաններուն առաջք, և անձրևէն մաքրուած ծառերու սև ճիւղերուն և ոստերուն վրայ նորածիլ բողբոջները իրենց մատղաշ ծայրերով կր ճեղքէին կեղևը։

Գարնանածաղիկներու ածու մը ճիշտ իմ դիմացս իր անհամար ծաղիկներով կը ծաղկէր. աչքերս յառած մանիշակագոյն և ճերմակ բաժակներուն տարտամօրէն կը խորհեի։ Հևաևհալ օրը հիւրեր պիտի ունենայի ճաշի, և ընելիք կարգադրութիւններուս մասին խօսելու համար ամուսինս մօտս եկաւ, ձեռքը դրաւ ուսիս և ըսաւ հանդարտ ձայնով։

— Վաղը, գիտե՞ս, Ադրինէ, իմ ընկերներէս, իմ վաղեմի ընկերներէս մէկն ալ պիտի գայ ճաշի։

Ինչքան անգամներ անկից ի վեր վերյիշած եմ այդ առաջին պահը, երբ դուն յայտնուեցար ինձի. ինչքան անգամներ կրկին ու կրկին ապրած եմ այդ պահը մտաբերելու համար, թէ ոևէ խորհրդաւոր դրդում, ոևէ հոգեկան ցնցում ինձի չի յայտնե՞ց արդեօք, թե այդ վաղեմի ընկերը ի՞նչ վճռական ազդեցութիւն պիտի ունենար իմ կեանքիս մէջ։ Թերևս իմ պատմութիւնս գեղեցկացնելու համար անհրաժեշտ էր ըսել՝ «այո, այդ պահուն իսկ գգացի ու