Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/9

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կը ստանար, էր տառապագին ե մեղադրող նայուածքը ծանրօրէն կիյնար իմ վրաս գրեթէ ոխերիմ արտայայտութեամբ, բայց և այնպէս տիրական հայեացքով, և ես կր զգայի, որ տկար որս մրն եմ, որ իր ձեռքերուն մէջ եմ արդէն, թէ տակաւին անզօր ջանքեր կրնեմ խուսափելու, ու այդ զգացումր թէ՛ սարսափ կր պատճառէր ինձի, թէ՛ զայրոյթ, բայց և տեսակ մր սուր և ցաւագին հեշտանք։

ՀետզհետԷ խռովքներու, յուզումներու և ուժգին ու հակառական զգացումներու ալիք մը կը բարձրանար իմ հոգոյս մէջ. չէի սիրեր զինքր, օ՛հ, ո՛չ, երբէք չեմ սիրած զինքր, բայց իմ հզօր խառնուածքս համապատասխան էր այն խառնուածքին, որ կր յայտնուէր ինձի. տափակ ու միօրինակ կեանքը, առանց յուզումի և առանց ելևէջի, անապատի պէս ամուլ և ձանձրացուցիչ կր թուէր ինձի։ Միքայէլ միակ անձն էր, որ իմ հարուստ արիւնս կը մտրակէր, զիս կը յուզէր խորապէս, իմ ուշադրութիւնս կը սևեռէր իր վրայ ու թէև տհաճութեամբ, բայց յաճախ խորհիլ կուտար իր մասին. անիկա ճշմարիտ մարդ մըն էր, և միայն կիները գիտեն, թէ որքան հազուագիւտ բան է ճշմարիտ մարդ մը։ Մեծամասնութիւնը մեզ շրջապատողներուն մարդկային երևոյթներ են, ոչ թէ մարդեր. տեսակ մը կանգուն և շարժուն դիակներ, որոնք կեանքի նմանութիւն մր փոխ առած են դուրսէն, իրենց էութենէն օտար աղբիւրներէ։


Պիտի ջանամ յստակ կերպով բացատրել իմ միտքս։ Մարդիկ՝ այր թէ կին՝ րնդհանրապէս այն չեն ներկայանար. ինչ որ են իրապէս. ու այն կեղծ հանդերձանքր, որ կր ստանան յաճախ, անգիտակցութեամբ է, բայց այդ այդպէս է. դեր մր կրնտրեն կեանքի մէջ ու այդ դերը կը կատարեն. դերը կրնտրեն երբեմն ինքնիրենց, որովհետև ատիկա գեղեցիկ կը գտնեն, բայց և յաճախ կրնտրեն այն դերը, զօր ուրիշները գեղեցիկ կր համարին։

Մարդկային հոգին, զոր ամեն մարդ իր հետ աշխարհ կր բերէ, այսպիսով կր խեղանդամուի մանկութեան ժամանակէն իսկ. հոգին չի մեռնիր իհարկէ, բայց անիկա խրտչած կր կզկտուի ու կր պահուըտի անկիւն մր ու այլևս երրէք չի համարձակիր յայտնուելու։ Մարդիկ կան, որոնց կեանքին այս կամ այն ժամուն հոգին յայտնուած է ու տէր դարձած կացութեան, բայց և որքա՜ն մարդիկ կան, որոնց հոգիները միշտ ընդարմացած մնացած են, ու երբէք զարթնումի ժամը չէ հնչած իրենց համար։ Եթէ ոևէ արտասովոր պարագայ, մեծ յուզում մը, մեծ զգացում մը, կամ մանաւանդ