Աղեկ ա՛, մեր ստակներն առնելեդ ե՞տքը միտքդ ինկավ իմաստասեր ըլլալը։
⁂
— Թորոս աղա՛, այսօր ի՞նչ ըրիք, նայինք, Խավյար խանը առի՞ք, չէ նե՝ ծախեցիք։
— Առինք ալ, ծախեցինք ալ։
— Վաստկեցա՞ք գոնե։
— Չէ՛, կորսնցուցինք։
— Ի՞նչ ելավ ատկից, տղա՛։
— Ի՞նչ պիտի ելլա, մենք ելանք խանեն։
⁂
— Տղադ ի՞նչպես է, Մարկոս աղա։
— Մի հարցուներ, ծանր է։
— Ինչո՞ւ ուրեմն անգամ մը Ընդհանուր ժողովին չես երթար, եղբայր։
— Ընդհանուր ժողովին երթամ ի՞նչ ընեմ։
— Տղուդ համար Տերողորմյա մը ըսել կուտաս։
— Ընդհանուր ժողովը ատանկ բաներ կընե՞ մի։
— Անցյալ շաբթու չէ՞ր, որ ատենապետին պահպանիչ ըսավ։
— Տղաս անգամ մը առնեմ տանիմ անանկ է նե։
— Տղան առնես տանիս նե խնդրո կարգին մեջը կը դնեն ու մինչև որ Տերողորմյայի կարգը գա, տղադ հոգին կուտա։ Դուն մինակ գնա՛։
— Շատ աղեկ, շնորհակալ եմ, գալ շաբթու կերթամ։