քարանի պաշտօնեաներն ամէն ամսու գլխուն իրենց ամսականները կ'ընդունէին • մէկ ամիսը երեսուն օրէ կը բաղկանար եւ ոչ թէ եօթանասունըհինգ օրէ, եւ հետեւապէս, պաշտօնեաները հիմակուան պէս երկու ամիսուկէս չէին սպասեր ամսական մը առնելու համար: Առանց մէկուն ակնարկութիւն մ'ընելու կը զրուցենք որ եթէ ընտրութիւններու մէջ ազգը քիչ մը խոհեմութիւն բանեցունէր եւ երկաթագործն ժամագործութեան պաշտօնին չհրաւիրէր, համարակալն բանաստեղծութեան ընտրելի չներկայացնէր, այս անձը միշտ Տնտեսական Խորհրդոյ մէջ պիտի մնար եւ թերեւս ազգային սնտուկն' որուն շատ յարմար կուգայ Սողոմոնի Ունայնութիւն ունայնութեանց ամենայն ինչ ընդունայն են, քիչ մը դրամի երես պիտի տեսնէր:
1870ին Ազգային ժողովոյ երեսփոխան ընտրվեցաւ: Այս պաշտօնին մէջ ազնուապետութեան յարած է դէմքով եւ ժողովրդականութեան դարձած է կարծիքով. բայց այնչափ վարպետ է որ ներկայացված խնդիրները դէմքով ալ կարող է պաշտպանել կարծիքով ալ: Ո եւ է խնդիր մը քննելու համար անոր հիմ կը դնէ սկզբունքն եւ ոչ պարագաները: Աւելորդ է ըսել որ կան դատեր զորս պարագաները կ'արդարացնեն բայց սկզբունքը կը դատապարտեն. Յարութիւն էֆէնտին ալ կը դատապարտէ այդ դատն որչափ ալ արդար ըլլայ: Ասոր օրինակ կրնանք բերել Տիգրանակերտի Գեր. Փիլիպպոս եպիսկոպոսին դատը: Այս առաջնորդը իւր պաշտօնատեղիէն հոս կը բերվի Վարչութեան հրամանով որ հոս դատվի :
Հարցուր Երեսփոխանական ժողովոյ մէջ Յարութիւն էֆէնտիին.
—Ի՞նչ է այս մարդուն յանցանքը:
—Այս մարդուն յանցանքն այն է որ Ազգ. Վարչութեան կողմէ Տիգրանակերտ ղրկված Քննիչն գրեց Պատրիարքարան որ զինքը հոս բերենք ու դատենք:
—Բայց անմեղ է այս մարդը: