Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/102

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

—Կրնայ ըլլալ որ սուրբ մ'ըլլայ. ո՞վ կ՚ըսէ թէ մեղաւոր է :

—Ժողովուրդը կր սիրէ զինքը:

—Մենք ալ կը սիրենք:

—Եթէ ժամ առաջ իւր պաշտօնատեղին չերթայ՝ ժողովուրդը կրօնափոխութեան պիտի դիմէ:

— Ազատ է դիմելու:

— ժողովս պատասխանատու չը մնար:

—Բնա՛ւ, ոչ ոք պատասխանատու կը մնայ, եթէ Փիլիպպոս եպիսկոպոսը արդարանայ՝ Քննիչը պատասխանատու կը մնայ եւ կը պատժըվի:

— Քննիչը անիրաւութիւն ըրած է:

—Կարելի է. բայց այն անձին՝ զոր կեդրոնը Քննիչ անուանեց պարտաւոր ենք գրածներուն հաւատալ. եթէ հաւատալու չէինք, անօգուտ բան մը ըրած պիտի ըլլայինք Հայաստան Քննիչ ղրկելով:

Սյսպէս կը պատասխանէ ահա ով որ ալ ըլլայ իւր ընդդիմաբանը, էֆէնտի, պէյ կամ բաշա:

Ուրիշ երեսփոխաններու պէս ժամերով չխօսիր, ձիւնին սպիտակ ըլլալը փաստաբանելու համար գոյներու իմաստասիրութեան չմտներ այլ համառօտիւ իւր կարծիքը կը յայտնէ եւ տեղը կր նստի: Բարձր ձայն չունենալուն համար շատ անգամ իւր խօսքերը չկրնար լսելի ընել — բառին երկու նշանակութեամբ ալ, վասնզի այն կարծիքներն միայն ուղիղ կը նկատվին որոնք բարձր ձայնով եւ յստակ արտասանաթեամբ յայտնված են — որով իրաւունք կուտայ իւր ընկերներուն որ ըսեն.

—Ձայնդ չենք լսեր, բարձր զրուցէ՛:

Եւ Յարութիւն էֆէնտի կ՚ստիպվի իւր ատենաբանութիւնն երեք անդամ կրկնել:

Խրիմեանի պատրիարքութեան օրով անդամ եղաւ ազգային պարտուց բարձման Յանձնաժողովոյ որ բարձաւ առանց ազգային պարտքը բառնալու: