Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/103

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Տարի մը ետքը Սովելոց Յանձնաժողովոյ ատենադպիր ընտրվեցաւ: Աղօթք ընենք որ ատենապետ չէր այս ժողովին. եթէ ըլլար՝ Պարսկաստանի մէջ սովեալ մը չէր մնար, ամենն ալ անօթութենէ կը մեռնէին. վասն զի տարի մը շարունակ խորհելէն, տրամաբանելէն եւ դատելէն վերջ որոշում պիտի տար եւ սովեալներն անօթութենէ մեռցնելէն ետքը պիտի ելնէր անոնց ալիւր բաշխելու: Պաղ արեամբ գործելու այնչափ վարժված է որ բոցերու մէջ եթէ մարդ մը տեսնէ՝ փոխանակ զայն բոցերէն դուրս քաշելու հնարքներուն վրայ խորհելու, հրդեհին ի՜նչ բանէ ծագում առած ըլլալն կը հարցունէ եւ պատճառն իմանալուն պէս՝ զայն վերցնելու ճանբան խորհելու համար անմիջապէս կը մեկնի մարդը բոցերու մէջ թողլով եւ կը կարծէ թէ հրդեհին մէջ ձեռքէն եկած բարիքը զլացած չէ:

Եթէ պաղարիւն չես՝ կը կարծես թէ այս մարդուն հետ վարվիլը շատ դժուար է: Հետը ո՛րչափ ընդհարիս՝ այնչափ կը կարծրանայ. չէվիրմէի անուշ կը նմանի: Եթէ առանց համարակալութեան, հաշուոյ եւ տրամաբանութեան խօսիս՝ եւ ոչ մէկ ըսածիդ կը հաւատայ:

Ազգային ամեն ձեռնարկութիւններուն քաջալերիչ է, նոյն իսկ այնպիսի ձեռնարկութիւններու որոց յւսրատեւութեանը չվստահիր: Այս կարգէն է այն քաջալերական նամակն զոր քանի մը բարեկամներով ստորագրելով ուղղեց կիներու ընկերութեան մը՝ որ նպատակ ունի պարզ հագնիլ սորվեցունել մեր ազգին տիկիններուն ել օրիորդներուն: Ինքը լաւ գիտէ թէ՝

Ա. Ինչ որ դաստիարակութեան արդիւնք է չկրնար դաստիարակութեան պատճառ ըլլալ.

Բ. Դաստիարակութիւն մտքին եւ սրտին մէջէն կ՚սկսի եւ ոչ թէ հագուստէն.

Գ. Պարզասէր չսեպվիր այն կինն որուն միայն հագուստն պարզ է, այլ սիրտն ու դէմքն բաղադրեալ:

Դ. Երբ պարզասիրութիւնը դաստիարակութեան արդիւնք չէ՝ ճաշակի խնդիր է: