Այս պատմութիւնն ըստ մեզ առասպել մ'է բայց որովհետեւ առասպելներն շատ անգամ ճշմարտութեան այլաբանութիւններն են կրնանք այս առասպելէն ալ այս ճշմարտութիւնը քաղել որ Հասունենան իւր ամեն ուզածը ձեռք բերելու կարողացած է, նոյն իսկ իւր ծննդեան օրերուն մէջ: Մինչեւ տասնըհինգ տարեկան Կ. Պօլսոյ վարժ արաններուն մէջ դաստիարակութիւն առնելէ ետքը 1825ին Քոլէճցի քահանաներու ձեռամբ ղրկվեցաւ Հռովմ, Բրօբականտայիյ դպրոցը, քահանայ ըլլալու համար: Նախ յիշեալ դպրոցին մեծաւորներէն մերժվեցաւ, բայց յետոյ Տուրսունեան Հ. Բարսեղ եւ Յովնանեան Հ. Կարապետ վարդապետներուն ջանքովն եւ աղաջանքովն ընդունվեցաւ հոն ուր քանի մը տարի կարդալէն ետքը քահանայ ձեռնադրվեցաւ: Այս կէտին մէջ Հասունեան անմեղ է եւ մեծ անիրաւութիւն է Տուրսունեանի եւ Յովնանեանի յանցանքն անոր վրայ բեռնաւորելը: 1833ին Պօլիս դարձաւ եւ բնակեցաւ, Ղալաթիա, Ցիսուս Փրկիչ Մայր եկեղեցւոյն վանատան մէջ: Այս թուականին` եկեղեցականներէն ոմանք իրենց նախագահին դէմ վարված ըլլալու համար ամեն օր նորանոր խնդիրներ կը հարուցանէին, օրինակի համար եթէ նախագահն պատուէր տար որ պատարագին մէջը խաչակնքեն` ասոնք փողոցը կ'ելնէին եւ հոն կը խաչակնքէին: Յիշեալ եկեղեցականներն յաջողեցան իրենց մէջ առնել նաեւ Հասունեանն որ, վանքէն նոր ելած' մաքուր աղաւնի մը ըլլալով խաբվեցաւ անոնցմէ եւ խեղճը միամտութեամբ աթոռակւսլ անուանվե- ցաւ քանի մը տարիէն: 1838ին երբ Գաղատիոյ հռովմէական հայերը կը կեղեքվէին քանի մը քահանաներէ որոնք Հասունեան կուսակցութիւնն թեւ եւ թիկունք առած կը գործէին ինչ որ կ՚ուզէին, նախագահ Մարուշ գերապայծառն քննիչ մը ղրկել կ'որոշէ հոն ժողովուրդը հանդարտեցնելու համար։ Հասունեան յօժարակամ
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/109
Արտաքին տեսք