Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/11

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

գաթ. հոն կատարելագործեց մուսաներու արուեստը: Սա ինքն է որ, իւր վկայութեանը նայելով, երկու ամիս աշխատելէն ետքը հետեւեալ գիւտն ըրաւ.

Զիւր անուան կոչ
Գիտե՞ս — ոհ, ոչ:

Թէպէտեւ պատմաբաններէն ոմանք Հոմերոսի կ՚ընծայեն այս երեւելի գիւտն, որ Ժամանակագրութիւնք երեւելի անցիցին կարգը դրվելու մոռցուած է դժբախտաբար, սակայն մենք պնդելով կը պնդենք որ այս գիւտին փառքը Խորէնի միայն կը պատկանի: Քաջ գիտենք որ Խորէն եպիսկոպոս այս գիւտն ընելէն անմիջապէս ետքը հեւալով կը վազէ եղբօրը եւ անոր կ՚իմացնէ: Եղբայրն նախ չուզեր հաւատալ. ասանկ գիւտի մը գիւտը անհնար կը թուի իրեն, բայց վերջապէս կը համողզվի եւ եղբօրը փաթտըվելով, Խորէ՛ն, կ՚ըսէ, մեծ ծառայութիւն ըրիր ազգին այդ գիւտովդ. ազդը պարտաւոր է երախտագէտ մնալ քեզ յամենայն աւուրս կենաց իւրոց: Արդարեւ այդ Գիւտը մեր ազգին համար աւելի մեծ նշանակութիւն ունի քան Գիւտ նշխարացը, եւ կը զարմանանք թէ ինչու այդ գիւտին օրը կիրակի չեն բռներ . . . բանաստեղծները:

Հայկազեան դպրոցին փակումէն ետքը Կ. Պօլիս դարձաւ Խորէն: Քանի մը ատեն հոն մնալէն ետքը դասախօսութեան պաշտօնով Թէոդոսիոյ Խալիպեան ուսումնարանը մտաւ, ուր առաւօտէ մինչեւ երեկոյ դասախօսութիւն կ՚ընէր խմբագրութեան պարապելով թերթի մը՝ որուն անունը կամ Մասեաց աղաւնի էր կամ Պօլսոյ աղաւնի: Աշակերտներն ալ իրենց վարժապետին յանգ կրելով կ'զբաղէին, որպէս զի հայրենասիրական եռանդուն քերթուածներ շինէ ազգին: Չհասկցուեցաւ թէ ո՛ր գիտութեան կամ ուսման մէջ յառաջ գացին յիշեալ վարժարանի աշակերտները. միայն սա յայտնվեցաւ որ երբ այդ աշակերտներն իրենց քաղաքները վերադարձան, պատուհաններուն առջեւէն չէին հեռանար փողոցէն անցնող աղջիկներն դիտելու համար: Կը