Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/123

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մեծամուսնութիւնը կ՚որոշէ որ մէկ անգամ չորսը մէկ կ՚ընէ: Փափազեան աւելի եւս կը հաստատվի իւր համոզման մէջ թէ եւ է խնդրոյ մէջ յաղթանակը տանելու համար խելքէն աւելի մենամասնութիւն ունենալու է մարդ մը:

Քանի մը տարի Իզմիր մնալէն ետքը 1Տ59ին Պօլիս դարձաւ եւ դասատուութեան պաշտօնով նորէն Ազգային հիւանդանոցը մտաւ: Օրը երկու անգամ ատենաբանութիւն կ՚ընէր աշակերտներուն ոչ թէ անոեր բան մը խօսելու այլ վարժըվելու համար ատենախօսութեան որով օր մը աջակողմեան երեսփոխաններու գլուխը պիտի ճաթեցունէր ազգային ժողովոյ մէջ: Ամենօրեայ վարժութիւններու շնորհիւ այնքան յառաջդիմութիւն ըրաւ խօսելու մէջ որ եթէ ունկնդիրներն երկաթեայ ականջ ունենային ամիս մը շարունակ կը խօսէր առսւնց ամենափոքր նեղութիւն մը զգալու: ճառին ուժգնութիւն տալու համար բան մը չէր խը- նայեր, եթէ խօսքերը տկար գտնըվէին' կը դիմէր ձեռներուն որ խօսքերէն աւելի զօրաւոր էին. ձեռներովը կը զարնէր առջեւը դրված գրասեղանին ել կը կոտրէր զայն: Հերակղէս կր ձեւանար երբ լու մը սպաննել հարկ ըլլար: Ուն կընդիրներն արթնցնելու համար իշուն ստուերին չէր դիմեր այլ բոլոր ուժովր կը պօռար: Սովորութիւն ունէր խօսած ժամանակ երբեմն քանի մը քայլ առնել դէպ ի ձախ եւ երբեմն դէպ ի աջ—վերջերս կարծիքներն ալ ոտներուն օրինակին հետեւեցան երեսփոխանական ժողովոյ մէջ.— չէր մոռնար նաեւ չորս քայլ ՚չէս[ առաջ գալէն ետքը չորս քայլ ետ երթալ, հոգեփոխութեան հաւատցողները կ՚ըսէին, ահա Կիկերոն որ քատրիլ կը խաղայ: Շատ մը կրօնաւորներ կ՚երթային անոր ատենաբանութինները մտիկ ընելու եւ համոզել կ՚աշխատէին զինքը որ վարդապետ ձեռնադրվի իսկ Փափազեան նորէն բեմ ելնելով ատենաբանութեամբ մը կը մերժէր անոնց առաջարկութիւնը: Բաց ի հիւանդանոցի վարժարանէն մայրաքաղաքիս գրեթէ բոլոր վարժարաններուն մէջն ալ դասախօսութիւն ըրած եւ բաւական