Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/128

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

125 սուրբերու քով դասող թերթերն չուանով մը սատանաներու բնակարանը իջեցուցին զինքը եւ անոնք որ ՄԷփիստոփէլի ընկեր կը ճանաչԷին զինքն երկինք բարձրացուցին զայն. իսկ մենք առանց այ՛ս կամ այն կողմ միտելու աթոռ մը տուինք իրեն որ նստի սատանայի եւ սուրբի մէջտեղը եւ ինքն ալ ընդունելով մեր ընծայած աթոռն գնաց նստաւ ՊԷրլին գացող երկու պատուիրակներու մէջտեղը : 1872 թուականին անդամ ընտրվեցաւ քաղաքական ժողովոյ այն Պատրիարքին օրով զոր Ժամանակաւ Հրեշտակ Հայաստանի կը հռչակԷր աշխարհի: Իւր բոլոր ուժովն հալածեց եւ ստիպեց Հրեշտակն իւր հրաժարականը տալ. Հրեշտակն տուաւ իր հրաժարականը Փափազեանինն առնելէն ետքը: Այս անձն ազգային ժամանակակից կենդանի պատմութիւն մ՚Է. չկայ դէպք մը որ իրեն ծանօթ չըլլայ։ Փափազեան գիրուկ եւ գեղեցիկ մարդ մ’է. եթէ կին ըլլար՝ չորս կողմը բուրդ թխմելու պէտք չպիտի ունենար: Փորը ոչ նուագ մեծ է այն համբաւէն զոր կը վայելէ իբրեւ գործող մարդ: Գրպաններուն մէջ անպակաս են ծրագիրներ, կանոնադիրներ եւ ուրիշ շատ մը թուղթեր զորս կը սրբագրէ: Իւր դէմքը տեսնողը կը կարծէ թէ դրամական սաստիկ տագնապի մը մէջ գտնուելով' իւր ամէնէն մտերիմ բարեկամներէն մէկուն դիմած է այն յուսով որ մէկ խօսքով երկու հարիւր ոսկի պիտի կրնայ առնել իրմէ. եւ երբ իւր առաջարկութիւնն ըրած է՝ հետեւեալ պատասխանն ընդունած է իւր բարեկամէն. — Եթէ կ'ուզէք որ մեր բարեկամութիւնը հաստատ մնայ՝ կը խնդրեմ որ ասանկ աււաջարկաթիւններ չընէք ինծի :