Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/172

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

իբրեւ ժողովրդական դրօշ պարզել ամիրայութեան դէմ: Յիշեալ վարժարանին ներքին բարեկարգութիւններուն ինքը կը հսկէր Մինէճի Անդրանիկին թողլով արտաքին յարձակումներուն դէմ մաքառիլը:

1849ին Փրկիչ դրին զինքը: Հոն մտնելուն պէս շատ բարեկարգութիւններ ըրաւ: Նախ եւ առաջ խենդերն զգաստացնելու համար Թեսաւրոսի Բարոյական իմաստասիրութիւնն առաւ եւ անոր մէջէն դաս տալ սկսաւ իրենց: Խենդերն իրենց շղթայները շարժելով կը խնդային — Քրիստոստուրի խենդութեանը վրայ անշուշտ—եւ Քրիստոստուր կ՚ուրախանար եւ ինքնիրեն կ՚ըսէր.

«Եթէ չեն զգաստանար՝ գոնէ կր զուարճանան:

Երկրորդ՝ Հիւանդանոցի մէջ գտնըված որբերը սրահի մը մէջ հաւաքելով՝ Փրկչի Որբանոցը հաստատեց. դասատուներ կարգեց եւ ազգային մանկտւոյն յառաջդիմութեան ամեն հոգ եւ խնամք տարաւ, թէպէտ եւ իւր յառաջդիմութեան համար ալ գիշեր ցորեկ աշխատելէն ետ չէր կենար:

Երրորդ՝ Հիւանդանոցին տետրակները կարգադրելու ձեռնարկեց. սակայն տոմարակալութեան շատ հմուտ չըլլալուն պատճառաւ՝ տետրակները խաղ խաղացին իրեն եւ սկսաւ բամբասվիլ: Շատերր կ՚ըսէին թէ Քրիստոստուրի կոկորդն ալ Մայր-Հաշիւ մ՚է, հասկցնելու համար որ շատ հաշիւներ փոխանակ տետրակներուն մէջ անցնելու Քրիստոստուրին կոկորդը անցած են. բայց ինք որ օրինաւորութենէ բնաւ չշեղիր կը պատասխանէր իրենց.

—Եթէ ապօրինութիւն կը տեսնսք տետրակներուն մէջ' բռնեցէք եւ պատժեցէք... տետրակները:

Զորրորդ՝ Ճեմարանին կարասիքը եւ գոյքը Հիւանդանոց փոխադրել տուաւ՝ ճեմարան անունն ալ հոն բերաւ եւ Փրկչի դպրոցն ճեմարան անունն առաւ: Իւր անունը բարձրացնել ուզած ժամանակը՝ վարժարանին անուան բարձրացման համար ալ անհոգ չմնաց: Բայց միթէ վարժարանն