Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/207

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այս հարցումը կը յիշեցունէ մեզ Մոլիէրի «Քաղաքացին Ազնուական»ի հետեւեալ տողերը.

ՄՕՆՍԻԷՕ ԺՈՒՐՏԷՆ

Մտերմաբար բան մը պիտի յայտնեմ ձեզի: Ազնուականի մը սիրարահարած եմ եւ կը փափաքիմ որ օգնէք ինձ գրելու սիրատոմս մը զոր իրեն ոտներուն տակը պիտի ձգեմ:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ

Գլխուս վրայ:

ՄՈՆՍԻԷՕ ԺՈՒՐՏԷՆ

Բայց սքանչելի բան մը ըլլալու է:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ

Յայտնի է: Ոտանաւո՞ր կ՛ուզէք գրել:

ՄՈՆՍԻԷՕ ԺՈՒՐՏԷՆ

Ոչ, ոչ, ոտանաւոր չեմ ուզեր:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ

Ըսել է որ արձակ կ՛ուզէք:

ՄՈՆՍԻԷՕ ԺՈՒՐՏԷՆ

Ոչ, ոչ, ո՛չ, արձակ կ՚ուզեմ ոչ ալ ոտանաւոր:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ

Սակսւյն պէտք է որ կամ մին ըլլայ կամ միւսը:

ՄՈՆՍԻԷՕ ԺՈՒՐՏԷՆ

Ինչո՞ւ համար:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ

Պատճառն սա է որ մեր միտքը բացատրելու համար կամ արձակ գրելու է կամ ոտանաւոր: