Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/208

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՄՕՆՍԻԷՕ ԺՈՒՐՏԷՆ

Արձակէն ու ոտանաւորէն զատ բան չկա՞յ:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈԻԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ

Ոչ, պարոն, այն որ արձակ չէ ոտանաւոր է, եւ այն որ ոտանաւո չէ արձակ է.

ՄՕՆՍԻԷՕ ԺՈՒՐՏԷՆ

Մեր խօսածն ի՞նչ է ուրեմն:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈԻԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ

Արձակ է:

ՄՕՆՍԻԷՕ ԺՈՒՐՏԷՆ

Ի՞նչ կ՚ըսէր. օրինակի համար եթէ ըսեմ «նիքօլ, սա մուճակներս եւ գիշերոււսն գդակս բեր» արձա՞կ է աս:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈԻԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ

Արձակ է:

ՄՕՆՍԻԷՕ ԺՈՒՐՏԷՆ

Չըսե՞ս որ քառասուն տարիէ ի վեր արձակ կը խօսիմ եղեր եւ դեռ այսօր կ՛իմանամ...։

Զարմանալու բան չկայ. միթէ այսօր չկա՞ն խմբագիրներ որ սխալ գրեն առանց զգալու իրենց սխալը։

Ըստ իս մարդ մշակելու եւ ըստ ուրիշներու մարդուս միտքը, սիրտն ու մարմինը մշակելու արհեստն Իփէքճեան էֆէնտին քանի մը տարիներ Շահ-Նուպարեան վարժարանին մէջ գործադրելէն ետքը հրաժարեցաւ այդ շէնքէն որուն հասոյթները ցամքիլ սկսած էին: Մեկնեցաւ Պօլիսէն եւ Լօզան գնաց ու հոն յայտարարութիւն մը հանեց որ յարմար գնով յանձնառու կ՛ըլլայ Թուրքիայէն եւ ոչ ուրիշ կող-