Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/253

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՕԳՍԷՆ ԽՕՃԱՍԱՐԵԱՆ

Օգսէն Խօճասարեան, մեծապատիւ խմբագիր-տնօրէն Օրագիր ազգօգուտ լրագրոյ, հրաժարեալ երեսփոխան Ազգ. ժողովոյ, փաստաբան ամուսնական դատերու, ծնաւ ի թուականին՝ զոր ոչ ոք կը յիշէ այսօր:

Շատ մը պատմիչներու հարցուցինք, Պօլսոյ մէջ որչափ ստոյգ աղբիւրներ կան նէ՝ ամենուն ալ դիմեցինք որպէսղի իւր ծննդեան թուականը մեզ իմացունեն. բայց հակառակ մեր ջանից, չկրցինք ստոյգ տեղեկութիւն մը առնել այս մասին, միայն թէ ծերունիի մը հարցուցինք նէ՝ սապէս պատասխանեց. «Իրաւ որ իւր ծննդեան թուականը աղէկ մը չեմ յիշեր, սակայն սա աղէկ գիտեմ որ Օգսէնին ծնած օրերը ազգը շատ դժբաղդ էր. եւ այսօրուան պէս միտքս է որ, Օգսէնին ծնած օրը Սամաթիոյ սրճարաններուն մէջ կ՚ըսէին թէ՝ ազգին դժբաղդութիւնները հերիք չէին, նոր փորձանք մ՚ալ աւելցաւ:»

Այս տեղեկութեան մինչեւ ո՛ր աստիճան ստոյգ ըլլալն ընթերցողաց կը թողունք դատել եւ կ’անցնինք իր կեանքը գրելու:

Օդսէն խիստ նիհար ծնած ըլլալով՝ ծնողքը կարծեցին թէ հիւանդ է, եւ վախնալով որ չըլլայ թէ՝ առանց կնունքի մեռնի, շուտ մը մկրտել տուին զինքը: Ծողացն այս երկիւղն պանական էր, որովհետեւ երբ մկրտող քահանայն կը հարցնէր թէ երախայն զի՞նչ խնդրէ, եւ երբ կնքահայրն՝ «Հաւատք, Յոյս, Սէր» կը պատասխանէր, մէկէն ի մէկ Օգսէնն նետվեցաւ եւ ըսաւ թէ՝ երախայն օղի ալ կը խնդրէ: Ասով Օգսէնը կենդանութեան նշան տուաւ եւ ներկայ եղողներուն տրտմութիւնն ուրախութեան փոխեց: