Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/257

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Օգսէնի փաստաբանութեան միջոցին եթէ շաբաթը երկու հարսնիք ըլլար հարիւր կնաթողութիւն կ՚ըլլար. եւ եթէ Դատաստանական խորհուրդը փաստաբան չընդունելու դրութիւնն չընդունէր՝ այսօր կնիկէն չբաժնըված մարդ չի պիտի կրնային տեսնալ:

Օգսէն էֆէնտի այս փաստաբանութեան ալ հրաժեշտ տալով բոլորովին տրամաբանութեան ապաւինեցաւ, բոլոր գործերն տրամաբանութեամբ կը նայի, տրամաբանութեամբ ստակ կ՚առնէ տրամաբանութեամբ ստակ չտար եւ այլն: Օրինակի համար եթէ թղթավաճառն վեց թօփ թուղթ տալէն ետքը գայ ստակն ուզելու, Օգսէն էֆէնտին մինչեւ որ տրամաբանական ձեռնարկութիւնը չընէ ստակ չտար, կրնայ ըլլալ որ կ՚ըսէ, ստակ ուզելու իրաւունք չունենալ, այս ըսելէն ետքը կը գրէ.

Սյն որ ապրանք մը կու տայ ապրանքին արժէքը կ’ուզէ: Մօշօնը ինձի ապրանք տուաւ, Ապա ուրեմն Մօշօնը ապրանքին արժէքը կ’ուզէ:

Ասանկով կը համոզուի որ Մօշօնը իրաւունք ունի ստակ ուզելու. օրինակի համար, շուտ մը Մօշօնին կը դառնայ եւ ըստ տրամաբանութեան ստակ ուզելու իրաւունք ունենալը յայտնելէն ետքը կը պատուիրէ որ քանի մը օրէն գայ որ տրամաբանութեան միւս ձեւերն ալ ընելով համոզվի թէ՝ քանիկան ղրուշէն վճարելու է թուղթը:

Մօշօնը տարի մր կ՚երթայ կուգայ (օրինակի համար) ել այսօրուան օրս տրամաբանութիւնը լմնցուցած է մարդը: Եթէ Հայերէն գիտնար՝ ազգ. դպրոցներէն մէկուն մէջ տրամաբանութեան դասատու կ՚ընէինք. բայց եկու տես որ մինչեւ այսօր (օրինակի համար) ստակն առած չէ. տրամաբանութեան մէջ կայ հարկաւ անանկ օրէնք մը որով Հրեան իրաւունք չունենար կոր ստակ ուզելու, կամ խմբագիրն ստակ չունենար կոր տալու:

Ոմանք այս բաները լսելով վայրաբար կր զրպարտեն զինքն ըսելով թէ՝ Օգսէն մեծ յարմարութիւնն ունի պարտքը