Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/26

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ստակ տան: Իւր համոզողական խօսքերուն շնորհիւն է որ այսօր Միջագիւղի Ս. Թարգմանչած վարժարանը գոցվելու վիճակին մէջ ինկած է:

1872ին անդամ ընտրվեցաւ Քաղաքական ժողովին որուն ատենապետն էր Ապրօ էֆէնտի, որուն հասակը բնաւ չէր համապատասխաներ: Եուսուֆեան էֆէնտին ատենադպիր էր եւ երբ ատենապետին քովն նստէր՝ մարդս ինքնիրեն կ՚ըսէր.

«Եթէ այս երկու մարդերու կարծիքներն այնպէս են ինչպէս իրենց հասակները, ժողովը շատ դժուարութիւն պիտի քաշէ որոշում մը տալու համար:»

Որոշ չգիտցվիր թէ այն ատեն ի՛նչ գործ տեսաւ Քաղաքական ժողովն: Միայն սա յայտնի է որ Պրուսայի առաջնորդ Գեր. Բարթուղիմէոս եպիսկոպոս հոս կանչվեցաւ. վերջը նորէն տեղը ղրկվեցաւ. դարձեալ հոս բերվեցաւ. վերստին տեղը ղրկվեցաւ. նորէն ետ պիտի կանչվէր եթէ Քաղաքական ժողովին պայմանաժամը լրացած ըլլալով չհրաժարէր պաշտօնէն: Եւ որովհետեւ օրէնք չէ քաղաքական ժողովոյ ատենագրութիւններն ի լոյս ընծայել — անշուշտ աջ ձեռքին գործած բարիքները ձախին ցոյց չտալու համար — բնական է որ անոր մեզի ըրած աղէկութիւնները չկարենանք յիշել: Եթէ պաշտօնեաներուն վկայութեանը դիմենք մինչեւ այսօր ասոնցմէ եւ ոչ մին քաջութիւն ունեցած է խոստովանելու թէ ձեռքէս եկածին չափ աշխատեցայ ազգիս չարիք հասցնելու եւ խիղճս հանգիստ է: Քաղաքական ժողովոյ անդամ մը երբ իւր պաշտօնէն հրաժարի կ՚ըսէ.

«Աշխատեցայ որչափ որ կարողութիւնս կը ներէր մեր ժողովին գործերուն մէջ կանոնաւորութիւն մուծանել. շատ բարիք ըրինք ազգին, բայց նա չճանչցաւ. եթէ մեր տեղը ուրիշ Քաղաքական ժողով մը ըլլար՝ ազգին վիճակը գէշ էր:»

Հիմայ շատ աղէկ է... խոստովանիմ եւ հաւատամ: Տնտեսական խորհրդոյ անդամ մը կ՚ըսէ. «Մեր պաշտօնի գլուխ անցած ժամանակ սնտուկը շատ