Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/276

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ԵՐԱՆՈՒՀԻ ԳԱՐԱԳԱՇեԱՆ

Երանուհի Գարագաշեան, դերասանուհի, ծնաւ Իճատիէ իր հաշուով 1859ին, իմ հաշուով 1851 Դեկտեմբերի 4ին:

Երանուհին լոյս ընծայվելուն պէս թաթիկներով սկսաւ ձեւեր ընել: Վեց եօթը ամսու եղած չեղած ոտքի ելաւ եւ քալել սկսաւ: Մէյ մը ասդին մէյ մը անդին վազելովը, ձեռքն ինկածը կոտրելով թափելովը, բարձր ձայնով պօռալովը իսկոյն յայտնեց թէ դերասանութեան մեծ յարմարութիւն ունի:

1856ին թաղին վարժարանը ղրկվեցաւ, ուր լմնցուց Երանուհին իւր քերականը, հեգարանը, Սաղմոսը, Գործք Առաքելոցը ու Նարեկը, ու 1862ին վարժարանէն ելաւ:

1865ին երբ Վարդովեան էֆէնտին ոտքի ամանները ձեռքը բռնած փողոցէ փողոց, թաղէ թաղ կը վազէր դերասանուհի գտնելու համար-այն ատենները դերասանուհի մը գտնելը, հիմայ հայերէն ներկայացումներուն՝ Թատրոնի մէջ հանդիսական գտնելէն աւելի դժուար էր — եւ էսքիլէր ալըրըմ պօռացող Հրեաներու նման ամէն դուռ կը զարնէր ու «դերասանուհի մը ունի՞ք մի» կը հարցունէր, դիպուածով Գարագաշեանին դուռը զարկաւ ներս մտաւ եւ իրեն յատուկ համոզելու եղանակը ձեռք առնելով համոզեց ծնողքը թէ՝ աղջիկնին դերասանութեան տան, թէ՝ ասով ազգին մեծ ծառայութիւն պիտի ընեն, թէ՝ աղջիկներուն ապագան շատ աղէկ պիտի ըլլայ, թէ՝ մեծ ապագայ մը կը սպասէ աղջիկնուն եւ թէ՝ ապագան շատ չսպասեր կ'երթայ եւ թէ՝ վերջապէս Երանուհին պէտք է դերասանուհի ըլլայ։

Երանուհին դերասանուհի բառն լսելուն պէս նոյնը զգաց ինչ որ կ’զգայ տղայ մը երբ իրեն ըսես թէ՝ քեզի