Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/32

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

— Ըղա ... ըղա... ըղա...

—Երեսներուն վրայ վարդ է բացվեր:

Ծիծաղը վերստին կը փայլի:

— Աստուած թշնամիիս ասանկ զաւակ տայ:
— Ըղա ... ըղա ... ըղա ... ըղա ...
— Աս տղուն ի՞նչպէս խօսելու է, գովեստէն ալ չախորժիր:
— Կ՚ախորժի. բայց շատ սրամիտ ըլլալով կարծեց թէ թշնամիէդ վրէժ լուծելու համար թշնամիիս ասանկ զաւակ տայ ըսիր:
— ես ձեզի բան մը ըսե՜մ. այս տղան կատակէ չախորժիր.

Ասոնք են ահա դիտողութիւններն զորս դրացի կիներն ըրին սոյն երկասիրութեան կազմին եւ գեղեցկութեանը վրայ, մեզի թողլով անշուշտ անոնց պարունակութեանը վրայ մերիններն ընել: Ստեփան Ասլանեան, աշակերտ ճեմարանի, դարձեալ աշակերտ արքունի բժշկական դպրոցի, վարժապետ Ստեփան Բաբազեանի, կառավարիչ ազգային երեսփոխանական ժողովոյ ծնաւ: Ծնիլը հաստատապէս գիտենք բայց ծննդեան թուականին ճշդութեանը վրայ չենք կարող պնդել: Եւ իրաւունք ալ ունինք, վասն զի սուրբերու տօնախմբութեան օրերուն պէս ամէն տարի կը փոխվի մեծ մարդերու ծննդեան... տարին: Չենք պնդեր, բայց շատ հաւանական է որ 1825ին ծնած ըլլայ. որովհետեւ երբ անգամ մը նկատողութեան առնենք այն վազն որով կը հալածէր Խրիմեանը որ ծնած է 1823ին, իսկոյն կրնանք մակաբերել որ Խրիմեանի աշխարհ գալն իմանալէն անմիջապէս ետքը ճամբայ ելած ըլլայ: Ստեփան Ասլանեանի որորանն ըլլալուն վրայ իրաւունք ունի պարծենալ այսօր Բերայի թաղն՝ որուն վարժարանին մէջ առաւ առիւծորդին իւր առաջին... որսը: Սրամտութեանն ու ճարպիկութեանը շնորհիւ սուղ ժամանակի մէջ իւր դասընկերները ճեղքելով առաջ անցաւ: Այնչափ կը վա-