Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/37

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

—Հոս չէ, դուրս ելաւ:

Բաշան վերէն իմանալով եղելութիւնը՝ պատուհանը բացաւ եւ ըսաւ.

—Թող տուէ՝ք կիներուն ինծի գալ:

Եւ այդ ծերերը քովն առնելով անոնց բազկերակները քննեց, բայց ոչ ունելիով ինչպէս կ'ընեն փափուկ բժիշկներէն ոմանք, դեղագիրը գրեց եւ ճամբեց:

Մինչեւ հոս իբրեւ Ասկղեպիօսի աշակերտ ներկայացաւ Ստեփան բաշան. ասկից ետքը պիտի տեսնենք զինք ազգային ասպարէզին մէջ Անաքարսիսի աշակերտ ատենախօսութեան մէջ, Մովսէսի հետեւող... օրէնքներու գործադրութեան մասին եւ կենդանի Պրոտէոս... գոյն փոխելու տեսակէտով:

Սահմանադրութեան հաստատութեան օրերը կը մօտենային,եւ ինքը կ'ուրախանար որ ամիրաներէն վրէժ լուծելու ժամը պիտի հնչէր, այս պատճառով աշխատակից կ՚ըլլար այն ամեն անձերու որ պատիւ ունին այսօր Սահմանադրութեան հաստատող անունը կրելու: ժամը հնչեց. Ֆալախան վերցըվեցաւ եւ Սահմանադրութիւնը հրատարակվեցաւ: Ուրախութենէն նոյն օրը քանի մը ամիրա ծաղրեց:

1862ին անդամ եղաւ Սահմանադրութեան Գործադիր ժողովին, որ չկրցաւ գործադրել Սահմանադրութիւնն անոր համար որ միւս անդամները Ստեփան բաշային պէս խիստ չէին գործադրութեան մէջ:

1863ին Քաղաքական ժողովոյ անդամ եղաւ, եւ առաջարկեց որ ազգային լրագիրներուն բերանը սանձ դրվի: Սահմանադրութեան բարեկամէ մը ասանկ առաջարկութիւն լսելը շատերուն զարմանք պատճառեց. բայց արդարացուց ինքզինք առարկելով թէ' սանձ դրվի ըսի, բայց չըսի թէ սանձ դրվելէն ետքը կառքերու լծվին: Այս առարկութիւնն այն ատեն իբրեւ գոհացուցիչ նկատվեցաւ. բայց Ստեփան բաշա չկրցաւ իւր վրայէն վանել ժողովրդեան այն համոզումը թէ՝ իւր կարծիքները դեռ հաստատ հիման վրայ չեն